«Երեւանի Աւագանին Պէտք Է Ըլլայ Վերահսկիչ Յանձնաժողով» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Կենտրոն» պատկերասփիւռի  կայանի «Ուրուագիծ» հաղորդումին ընթացքին խօսելով աւագանիի ընտրութիւններուն մասին յայտնեց, որ աւագանին պէտք է ըլլայ վերահսկիչ յանձնաժողով:

«Մենք Երեւանի մէջ անընդհատ կը հանդիպինք ընդվզումներու քաղաքաշինութենէն սկսեալ մինչեւ կենսոլորտ, բայց ոչ մէկ անգամ ոչ մէկ աւագանի փորձած է խնդիրին ծանօթանալ եւ լուծում տալ, միշտ փորձած են լռեցնել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ խնդրայարոյց երեւոյթներուն դէմ դիմաց գալով քաղաքապետարանը կա՛մ լռած է, կա՛մ քաղաքացիները ուղղորդած է ինքնուրոյն պայքարի ճամբով: Մինչդեռ, ըստ Մինասեանի, եթէ քաղաքապետը ըլլար ընդդիմադիր դաշտէն, այսպիսի պարագաներուն կը միջամտէր, հարցեր կը բարձրացնէր եւ կառավարութեան հետ այսպիսի մրցակցութեան պայմաններուն մէջ կը շահէր հանրութիւնը:

«Երեւանի պիւտճէն շուրջ 80 միլիառ է, բայց քաղաքապետարանի կայքէջին վրայ կ՛երեւի միայն 66 միլիառը, մնացեալ մօտ 13 միլիառը` հողերու վաճառքէն եւ այլ բաներէ ստացուող, չ՛երեւիր, իսկ «Երեւան» հիմնադրամի միջոցները ընդհանրապէս անվերահսկելի են: Երեւանի պիւտճէն անվերահսկելի է: Ես իբրեւ մասնագէտ, փորձած եմ ստանալ քաղաքապետարանի պիւտճէի պատկերը` ի՛նչ մուտքեր, ի՛նչ ելքեր ունեցած են, չեմ յաջողած: Մէկ բան ալ ըսեմ, որ կրնայ ցնցող ըլլալ. Վերահսկիչ պալատը նախորդ տարի ստուգած է քաղաքապետարանը, բայց մինչեւ այս պահը հաշուետուութիւնը հրապարակուած չէ: Մէկ-երկու խախտում նշուած է, բայց ընդհանուր զեկուցումը տակաւին չկայ: Կայ այլ խնդիր մը նաեւ. այսօր քաղաքապետարանը պիւտճէի շուրջ 60 առ հարիւրը կը ստանայ կառավարութենէն: Ասիկա կը նշանակէ, որ քաղաքային իշխանութիւնը կեդրոնական իշխանութենէն մեծապէս կախեալ է: Մեր նպատակն է ատիկա փոխել եւ 75 առ հարիւրը բերել Երեւանէն, որ լիովին կարելի է», ըսաւ ան:

Բարձրացուած խնդիրներուն մասին Արծուիկ Մինասեան պատրաստակամութիւն յայտնեց բանավիճելու գործող քաղաքային իշխանութեան հետ եւ նշեց, որ բանավէճը պէտք Է պարտադրուի քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք անընդհատ կը խուսափին բանավէճերէն, որպէսզի ընտրողը իսկական կարելիութիւն ունենայ ծանօթանալու իշխանութեան գործունէութեան:

Միւս կողմէ, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ընդառաջ` երէկ «Մետիակենտրոն» մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ բանավէճ մը, որուն կը մասնակցէին աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները: Քննարկման նիւթը Երեւանի պիւտճէի վերաբերող հարցերն էին:

Բանավէճին կը մասնակցէին Արծուիկ Մինասեան` ՀՅԴ-էն, Ճուլիեթա Թադեւոսեան` Օրինաց երկիրէն, Պօղոս Փլաւչեան` Բարգաւաճ Հայաստանէն, Սիմոն Ղոնախչեան` «Բարեւ դաշինք»-էն, Երեւանի փոխքաղաքապետ, Հանրապետական կուսակցութիւնը ներկայացնող Վահէ Նիկոյեան  եւ Առաքելութիւն կուսակցութենէն` Մեսրոպ Առաքելեան:

Բանավէճը վարողը նշեց, որ միայն ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրին մէջ կը գտնուի Երեւանի պիւտճէի եւ անոր ձեւաւորման վերաբերող առանձին գլուխ, իսկ ընտրապայքարին մասնակցող միւս քաղաքական ուժերու ծրագիրներուն մէջ Երեւանի պիւտճէին անմիջական անդրադարձ չկայ:

Արծուիկ Մինասեան, ներկայացնելով ՀՅԴ ծրագիրը, նշեց, որ ներկայացուած առաջարկով կը նախատեսուի Երեւանի պիւտճէն յառաջիկայ 4 տարիներուն ներկայիս 80 միլիառէն դարձնել 400 միլիառ դրամ, հիմնական խնդիր դնելով փոքրացնել կախուածութիւնը կառավարութենէն կամ կեդրոնական ֆինանսաւորումէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )