ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Կիսաւարտական Մրցումներուն Յայտագիրը
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 20 ապրիլ 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք կիսաւարտականի մրցումներուն յայտագիրը.
……………………………………………..ԺԱՄ
Յովակիմեան – Ճեմարան (Փոքր) 13:00
Ե. Մանուկեան – Սոֆիա (Միջակ) 13:00
Աւետ. Այնճար – Հարպոյեան (Փոքր) 13:00
Սոֆիա – Ճեմարան (Մեծ) 14:00
Մեսրոպեան – Յովակիմեան (Միջակ) 14:00
Հայ աւետ. – ԿԲՎ (Մեծ) 14:00
Իսկ պասքեթպոլի կիսաւարտական մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ կիրակի, 21 ապրիլ 2013-ին, «Աղբալեան – ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ստորեւ յայտագիրը.
…………………………………………………………..ԺԱՄ
99/00 Աղջիկներ` ԿԲՎ – Ե. Մանուկեան 12:00
97/98 Տղաք` Ե. Մանուկեան – Մեսրոպեան 13:00
99/00 Տղաք` Հարպոյեան – Մեսրոպեան 14:30
99/00 Տղաք` Ճեմարան – Ե. Մանուկեան 15:30
97/98 Տղաք` Ճեմարան – Հարպոյեան 16:30
99/00 Աղջիկներ` Ճեմարան – Մեսրոպեան 18:00
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
(www.levam.org)