ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. Ո՞ՒՐ ԵՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՍԹԱՅՆՊԵՔՆԵՐԸ
ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ԵՒ ԿԻՆԵՐ ԳՈՐԾԱԶՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԱԾ ԵՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՄԷՆԷՆ ՍՈՒՐ ՎԱՅՐԷՋՔԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ: ԳՐԱԳԷՏ ԵՒ ԼՈՆՏՈՆԻ «ՆԵՇԸՆԸԼ ՓԱՊԼԻՔ ՌԵՏԻՕ»Ի ՆԱԽԿԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ ՄԱՅՔԸԼ ԿՈԼՏՖԱՐՊ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾՈՎ ՄԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ ԳՏՆԵԼ ԱՅՆ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ, ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊՕՐԷՆ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆՔ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԳՈՐԾԱԶՈՒՐԿՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ:
Վերջերս շատ կը կարդա՞ք գործազուրկներու մասին: Բնաւ գաղափար ունէի՞ք, թէ գործազրկութեան տագնապ մը կայ: Ներելի է, եթէ ձեր պատասխանները բացասական են:
Լրագրողներ կը տեղեկագրեն թիւերը: Հապա անձնական այն կեանքե՞րը, որոնք կը ներկայացնեն այս թիւերը: Պիտի ենթադրէինք, թէ գէթ քանի մը պատմութիւն պիտի գրաւէր գրագէտներու, ժապաւէն պատրաստողներու, արուեստագէտներու ուշադրութիւնը: Սակայն կը սխալինք:
Նախ` թիւերուն մասին: Այսօր Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործազրկութեան վիճակը որեւէ ժամանակէ աւելի վատ է` 20-րդ դարու սկիզբի Տնտեսական մեծ անկումէն ի վեր: Այսուհանդերձ, ամիսը անգամ մը հրապարակուած գործազրկութեան համեմատութիւնները միակ տեղեկութիւններն են, զորս կը կարդանք այս մասին:
«Գործի ասպարէզներու ստեղծումը կը մեղմացնէ տկարութեան վախը», կը գրէր «Ֆայնենշըլ Թայմզ»ի մէկ վերնագիրը անցեալ ուրբաթ, երբ Միացեալ Նահանգներ կը յայտարարէին, թէ 225 հազար աշխատանքային նոր տեղեր ստեղծուած էին անցեալ ամիս: Անբացատրելի կը մնար այն իրողութիւնը, թէ այս նոր պաշտօններով հանդերձ, գործազրկութեան համեմատութիւնը բարձրացած էր 9 առ հարիւրի:
Միացեալ Նահանգներու աշխատանքային վիճակագրութեան գրասենեակէն հրապարակուած են նաեւ հետեւեալ տեղեկութիւնները.
Ամերիկայի տարածքին մնայուն պաշտօն մը ունեցող աշխատող տարիքի (16-64 տարեկան) անձերուն թիւը հասած է 64 առ հարիւրի, այսինքն` 25 տարիէ ի վեր ամէնէն աւելի ցած համեմատութեան:
Աշխատող տարիքի 5 տղամարդէն մէկը գործազուրկ է:
Հսկայական թիւով աշխատող անձեր լիաժամ պաշտօններ չունին. աշխատանքային շաբաթը միջին հաշուով կ՛ընդգրկէ 34.3 ժամ:
Եւ ասիկա տակաւին չ՛ընդգրկեր ինծի պէս անձեր:
ԲԻՐՏ ԱՇԽԱՐՀ
Գործս կորսնցուցի աւելի քան 5 տարի առաջ: Այժմ լիաժամ կ՛աշխատիմ իբրեւ ազատ լրագրող, սակայն եկամուտս 70 առ հարիւր համեմատութեամբ նուազ է, քան` երբ մաս կը կազմէի լրագրողներէ բաղկացած պաշտօնէութեան մը:

«Կրէյփս աֆ ռաթ»ի արտադրիչ Տարիլ Զանուք չէր պատկաներ քաղաքական ձախ թեւին, ոչ ալ ժապաւէնին արտադրիչը` Ճոն Ֆորտ:
Ասիկա մեծ յուսախաբութիւն կը պատճառէ թագուհիին հարկահաւաքներուն եւ աղէտ մըն է ընտանիքիս համար:
Միլիոնաւոր անձեր կան ինծի պէս. 50 տարեկանէն վեր, արհեստավարժ կարողութիւններով եւ իրագործումներով, որոնք կ՛աշխատին իբրեւ «խորհրդատու» եւ ոչ մէկ դահեկան կը շահին, կ՛ապրին իրենց խնայողութիւններով եւ կը փորձեն վերաորակաւորուիլ: Ո՞ւր է մեր տեղը գործազրկութեան համեմատութիւններուն մէջ:
Կը հարցնեմ այս հարցումը, որովհետեւ գիտեմ պատասխանը. եթէ մենք ներառուինք համեմատութիւններու թիւին մէջ, ապա Ամերիկայի տարածքին գործազուրկներուն համեմատութիւնը կը մօտենայ 20 առ հարիւրի եւ ոչ թէ` 9 առ հարիւրի:
Ասիկա այլեւս շատ ուշագրաւ թիւ մըն է: Սակայն ինչո՞ւ գրագէտներ եւ արուեստագէտներ յայտնապէս հետաքրքրուած չեն այս սարսափելի վայրէջքին մարդկային անդրադարձներով:
Հարցումը մտքիս մէջ ծագեցաւ քանի մը շաբաթ առաջ, երբ երկար թռիչքի մը ընթացքին դիպուածով դիտեցի Ճոն Ֆորտի բեմադրած «Տը կրէյփս աֆ ռաթ» դասական ժապաւէնը: Ո՞ւր էր մեր ժամանակներու համազօր անոր տարբերակը:
Երբ պատանի էի, «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը «Տը կրէյփս աֆ ռաթ» ժապաւէնը մէկ նախադասութեամբ նկարագրած էր իբրեւ «ամերիկեան ժապաւէնի պատրաստութիւնը` իր ամէնէն գեղեցիկ մակարդակով»:
Եւ իրապէս այդպէս էր: Ժապաւէնը կը խտացնէր Ֆորտի ամբողջ հանճարը` կառոյց մը կազմելու եւ առիթ տալու, որ բարդ տեսարաններ թաւալէին անոր մէջ:
Անբախտ Ճոաներու ընտանիքին չքաւորութիւնը շաքարով չէր պատուած: Անոնց աշխարհը մռայլ երեւոյթ մը ունի, դերասաններուն դէմքերը կը յուշեն դժուար ժամանակներ:
ՕԴԻՆ ՄԷՋ
«Տը կրէյփս աֆ ռաթ»ը շատ աւելի զարմանալի է, որովհետեւ արտադրութիւնն էր հոլիվուտեան սթիւտիոներու համակարգին: Ո՛չ Ֆորտ, ո՛չ ալ ժապաւէնին բեմադրիչը` Տարիլ Զանուք ծանօթ էին իբրեւ քաղաքական ձախ թեւի պատկանող անձեր: Նոյնիսկ ճիշդ հակառակն էին:
Այսուհանդերձ, այն, ինչ որ կը պատահէր իրենց երկրին մէջ, ձեւով մը իր ներգործութիւնը կ՛ունենար անոնց վրայ, եւ անոնք կ՛որոշէին ժապաւէն մը պատրաստել` հիմնուած Ճոն Սթայնպեքի համանուն վէպին վրայ (սակայն պէտք է ընդունիլ, թէ Սթայնպեք կը պատկանէր քաղաքական ձախ թեւին):
Ժապաւէնը կ՛արտացոլացնէ անխնայ հարազատութիւն մը: Կը թուի, թէ Ֆորտ ամբողջութեամբ կը ճանչնայ իր պատկերած անձերը: Թերեւս այդ ժամանակներուն վիհը այնքան խոր չէր Ֆորտի նման ամէն ինչ ունեցողներուն եւ Ճոատներուն նման չքաւորներուն միջեւ:
Թերեւս պատճառը այն էր, որ Կեդրոնական Ամերիկան միայն մէկ սերունդ առաջ դուրս եկած էր իր վայրենութենէն եւ ժապաւէնին մէջ տարեց դերասաններ մեծ մասամբ ծնունդն էին այդ աշխարհին:
Տնտեսական վայրէջքի այս օրերուն գործազրկութեան տագնապը դիմագրաւելու պատկերումը քիչ թէ շատ կը տեսնենք «Ափ ին տի էր» ժապաւէնին մէջ: Անիկա վիպերգութիւնն է խորհրդատուի մը (Ճորճ Քլունիի դերակատարութեամբ), որ կը ստանայ տնտեսական պատճառներով պաշտօնեաներ գործէ արձակելու աղտոտ պաշտօնը:
Ժապաւէնը շատ աւելի կարեկցանք կը հրաւիրէ Քլունիի մարմնաւորած տիպարին վրայ, երբ անոր ընկերուհին` ամուսնացած կին մը, կը լքէ զինք, քան` այն անձերուն, զորս ան կ՛արձակէ գործէ:
Քլունի պաշտօնեաներուն կ՛ըսէ, թէ իրենց գործը կորսնցնելը ոսկի առիթ մըն է, եւ թէ` կրնան այլ գործեր գտնել, որովհետեւ միշտ ալ կարելի է Ամերիկայի մէջ այլ գործ մը գտնել, այդպէս չէ՞: Ա՛յս է Ամերիկայի մեծութիւնը:
Սակայն Քլունի կորսնցուցած է իր կեանքին սէրը, եւ միայն մէկ կեանքի սէր կարելի է ունենալ: Ժապաւէնը համազօր չէ «Տը կրէյփս աֆ ռաթ»ի:
Ինծի բարեկամ ժապաւէնի նիւթերու հեղինակներ եւ վիպագիրներ կ՛ըսեն, թէ տակաւին շատ կանուխ է, թէ` տակաւին ժամանակ պէտք է, որպէսզի արուեստը կարենայ արտացոլացնել տնտեսական վայրէջքին համար վճարուած մարդկային գինը. Լեհման Պրատըրզ ընկերութիւնը սնանկացաւ միայն երեք տարի առաջ:
«Մենք` գրագէտներս, կարիքը ունինք ժամանակի, որպէսզի այս իրադարձութիւնները «նստին» մեր ենթագիտակիցին մէջ, որպէսզի զանոնք վերածենք արուեստի», կը վիճարկեն անոնք:
Շատ վստահ չեմ, թէ համոզիչ է ասիկա: Տնտեսական մեծ անկումէն երեք տարի ետք Սթայնպեք արդէն գրած էր «Աֆ մայս էնտ մեն»ը. պատմութիւնը` ագարակի մը մէջ գաղթական աշխատաւորներու, եւ սկսած էր գրել «Տը կրէյփս աֆ ռաթ»ը:
Նոյն ժամանակներուն «Թայմ էնտ Ֆորչըն» թերթի հիմնադիր խմբագիր Հենրի Ռ. Լիւս` քաղաքական աջ թեւի հանրապետական մը, գրագէտ Ճէյմս Էճին եւ լուսանկարիչ Ուոքըր Իվանսը կ՛ուղարկէր ամերիկեան հարաւային գիւղական շրջանները, որպէսզի անոնք տեղեկագրէին Տնտեսական մեծ անկումին աղէտալի անդրադարձները:
Անոնց տեղեկագիրը այնքան մռայլ էր, որ «Ֆորչըն» նախընտրած էր չհրատարակել զայն: Փոխարէնը` գրութիւնն ու լուսանկարները հրատարակուեցան առանձին, «Լեթ աս նաու փրէյզ ֆէյմըս մեն» վերնագիրով, որ ինքնին դարձաւ դասական գործ մը:
Կը կասկածիմ, թէ «Ֆորչըն»ի այսօրուան խմբագիրները որեւէ տաղանդաւոր լրագրող ուղարկած ըլլան, որպէսզի տեղեկագրէ Ամերիկայի միջին խաւին դանդաղ քայքայումը:
ԱՆՄԻՏ ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
Կը կարծեմ, թէ տնտեսական տագնապին մասին խորհրդածելու մղող արուեստի նոր գործերու չգոյութեան պատճառը այն է, թէ ներկայ ժամանակներուն կը խուսափինք գործազրկութեան առնչուած տագնապալի երեւոյթներէն:
Տակաւին կը գոյատեւէ ընկերային ապահովութեան այն ցանցը, որ հաստատուած էր Ամերիկայի Տնտեսական մեծ անկումին ժամանակ: Նաեւ, գէթ Ամերիկայի մէջ, բազմաթիւ ընտանիքներ այժմ ունին եկամուտի երկու աղբիւր: Եթէ աշխատողներէն մէկը դադրի, ընտանիքը եկամուտէ չի զրկուիր:
Սակայն թերեւս գլխաւոր պատճառը այն է, թէ Հոլիվուտն ու հրատարակաչական ճարտարարուեստը պատմական դաս մը սորված են Տնտեսական մեծ անկումէն. մարդիկ հաճելի ժամանցի կարիքը ունին դժուարին ժամանակներու մէջ:
«Տը կրէյփս աֆ ռաթ», Քինկ Վիտորի ժապաւէնները, նոյնիսկ ընկերային հարցեր պարունակող աւազակախմբային ժապաւէններ` Ուորնըր Պրատըրզէն, միայն մէկ մասնիկն էին այդ ժամանակներու հոլիվուտեան արտադրութիւններուն: Տնտեսական մեծ անկումի ժամանակաշրջանը նաեւ ժամանակաշրջանն էր «Ֆրետ էնտ Ճինճըր»ի, «Նիք էնտ Նորա»ի, անմիտ կատակերգութիւններու եւ «Պասպայ Պըրքլի»ի:
Ասիկա չէ փոխուած: Գրագէտներ, ժապաւէն պատրաստողներ, համակարգիչի խաղեր ձեւագծողներ, բոլորն ալ պահանջը ունին ուտելու եւ պարտաւոր են ստեղծագործել այս շուկային համար :
Այն ժամանակներուն, երբ Սթայնպեք կը գրէր իր «Կրէյփս աֆ ռաթ»ը, երբ Էյճի եւ Ուոքըր կը տեսնէին, թէ ինչպէ՛ս կը խափանուէր իրենց լրագրական գործը, Թի. էս. Իլիոթի բանաստեղծական մէկ տողը լաւագոյնս կ՛ըսէր ամէն ինչ. «Մարդկութիւնը չի կրնար հանդուրժել չափէն աւելի իրականութիւն»:
Սակայն մարդկութիւնը պարտաւոր է ապրիլ իրական աշխարհին մէջ, այլ մարդոց հետ: Իսկ եթէ գրագէտներն ու արուեստագէտները մարդկային դիմագիծ մը պիտի չտան գործազուրկներու թիւին, հապա որո՞նք պիտի կատարեն այս գործը:
ՊԱՂՏԱՏ ԿԸ ՊՈՌԹԿԱՅ
ԳՈՅՆԵՐՈՒ ԽԱՌՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ
ՍԱՏՏԱՄ ՀԻՒՍԷՅՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՊԱԼՈՒՄԷՆ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԻՐԱՔ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ԱՒԵՐԷՆ ԵՏՔ ՊԱՂՏԱՏ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՎԵՐԱՁԵՒԱՒՈՐԵԼ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑԵԼ ԻՆՔԶԻՆՔ: ՍԱԿԱՅՆ ԳԵՂԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԵՆ ՀԵՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ԽԱՅՏԱԲՂԷՏ ԳՈՅՆԵՐՈՎ ԵՒ ՁԵՒԱԳԾՈՒՄՆԵՐՈՎ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ԵՒ ԿՈՉԵՐ ԿԸ ԼՍՈՒԻՆ ՄԵՂՄԱՑՈՒՄԻ: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԵՒ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:
Երբ իրաքցիք սկսան վերակառուցել իրենց երկիրը, ճաշակի իրաւարար մը չկար, որ կարգ ու կանոն հաստատէր: Պաղտատի Կեդրոնական ոստիկանատունը ներկուած է բաց մանիշակագոյն եւ գինեգոյն: Կեդրոնական դրամատունը, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ ինքզինք պարտադրող լուրջ կառոյց մըն է, պատուած է կարմիր եւ ճերմակ քառակուսի սալիկներով: Քաղաքին կամուրջներէն մէկը ծածկուած է գոյնզգոյն ֆլորեսան լոյսերով` ստեղծելով հաուայեան խնճոյքի մը մթնոլորտը: Ապահովութեան յատուկ անցարգելներ ցայտուն են, որովհետեւ յաճախ ներկուած են վառ վարդագոյն:
Պաղտատ տոկացած է նուաճումի, գրաւումի, համայնքային պատերազմի եւ անձնասպանական գործողութիւններու: Սակայն այժմ անիկա կը դիմագրաւէ նոր պատուհաս մը. անճաշակութիւն:
Իրաքցի արուեստագէտներ եւ ճարտարապետութեան քննադատներ, որոնք կը ցնցուին ամէն անգամ, որ ցայտուն գոյներով նոր շէնք մը կը բարձրանայ, Պաղտատի անճաշակութեան մէջ կը տեսնեն շարք մը գործօններ, ներառեալ` փտածութիւնն ու պետութեան ապիկարութիւնը, ինչպէս նաեւ` դերը սովորական իրաքցիներու, որոնք կը փորձեն թօթափել իրենց մռայլ անցեալը եւ վարժ չեն իրենց փափաքած գոյնը ընտրելու ազատութեան:
«Ասիկա տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ իրաքցիք կ՛ուզեն ձերբազատիլ իրենց մօտիկ անցեալէն,- կ՛ըսէ Քայչիլիա Փիերի, հեղինակը «Պաղտատ արց տեքօ. արքիթեքչըրըլ պրիքուըք 1920-1950» գիրքին:- Անոնք գոյները կը նկատեն իբրեւ նորութիւն մը արտայայտելու միջոց, սակայն չեն գիտեր, թէ ո՛ր գոյները պէտք է գործածեն: Արաբական մտայնութեամբ, դո՛ւն ես տէրը քու կառուցած շէնքիդ, հետեւաբար կրնաս ընել այն, ինչ որ կ՛ուզես: Սակայն այստեղ գոյութիւն չունին պետական օրէնքներ, ինչպէս` Փարիզի կամ Հռոմի մէջ: Ճաշակի անիշխանութիւն կը տիրէ»:
Տասնամեակներ շարունակ Սատտամ Հիւսէյնի պետութիւնը Իրաքի մայրաքաղաքին գեղագիտական հարցերուն կը վերահսկէր ճիշդ այն խստութեամբ, որ ի գործ կը դնէր` ժողովուրդին պարտադրելով իր կամքը: Արուեստագէտներէ, ճարտարապետներէ եւ ձեւագծողներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կը վաւերացնէր շէնքերուն գոյները, ինչպէս նաեւ` անոնց շուրջ թուփերու զետեղումը: Սերի գոյնը համատարած էր, գունաւոր ներկը` հազուադէպ եւ յաճախ կ՛երեւէր միայն մզկիթներու վրայ, ինչ որ քաղաքը վերածած էր միատարազ եւ զուսպ երեւոյթով վայրի մը:
Սակայն այս յանձնախումբը Սատտամ Հիւսէյնի պետութեան պէս քայքայքուեցաւ 2003-ին Միացեալ Նահանգներու Իրաք ներխուժումէն ետք: Քանի մը տարի ետք, երբ բրտութիւնը մեղմացաւ, եւ իրաքցիք սկսան վերակառուցումի, չկար կեդրոնական որեւէ իրաւարար: Վառ գոյներ սկսան յայտնուիլ ամէն տեղ. առեւտուրի նախարարութեան շէնքը բարձրացաւ նարնջագոյն, վարդագոյն եւ դեղին գիծերով:
Պաղտատի մէջ անկիւն մը կրնայ շողալ Տուպայի պէս. քարիւղով հարուստ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն մէկը, որուն կը ձգտին իրենց մայրաքաղաքը նմանցնել իրաքցիներէն շատերը: Այլ վայրերու մէջ պատկերը տակաւին զուսպ է եւ աւանդական: Սակայն կը թուի, թէ խռովարար գոյներու իշխանութիւնը հետզհետէ կ՛ընդարձակուի:
«Ասիկա ամօթալի է,- կ՛ըսէ Իրաքի ամէնէն հռչակաւոր արուեստագէտներէն Քասիմ Սապթի:- Ասիկա ամէնէն տգեղ քաղաքն է, որ երբեւիցէ գոյութիւն ունեցած է»:
Պետական պատասխանատուներ կ՛ըսեն, թէ բաւարար օրէնքներ գոյութիւն չունին` հակակշիռ բանեցնելու համար Պաղտատի արտաքին տեսքին վրայ, ինչպէս ժամանակին ըսած է Սատտամ Հիւսէյն: Պատասխանատուները նաեւ կը վիճին, թէ բազմաթիւ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք բաւարար դրամ ունին վերանորոգութիւններու եւ ճարտարապետական վերակառուցումներու համար, պայմանագրութիւններ կը կնքեն ամէնէն աժան շինարարական ընկերութիւններուն հետ` գրպանելու համար խնայուած կամ չծախսուած գումարները:
«Հարկ եղած տիրական ուժը չունինք` կասեցնելու համար ընթացքը,- կ՛ըսէ Պաղտատի քաղաքապետութեան մէջ քաղաքին ձեւագծումին պատասխանատուն` Նաժըմ Քինանի, որ տարի մը առաջ կազմեց հանրային ճաշակի վերահսկող յանձնախումբ մը, երբ դժգոհութիւններու տարափ մը ստացաւ քաղաքին արտաքին երեւոյթին պատճառով:- 2003-էն առաջ հանրային ճաշակի գաղափարը եւ պատշաճ ընտրութիւն մը կատարելը շատ աւելի լաւ էր, քան` ներկայիս»:
Մուաֆաք Թայ, որ բազմաթիւ շէնքեր կառուցած է Սատտամ Հիւսէյնի պատուէրով, ինչպէս նաեւ` Սապթի, ճաշակի անկումը կը վերագրեն այն իրողութեան, թէ բազմաթիւ իրաքցիներ, որոնք արուեստները կը գնահատէին, հարուստ էին եւ խոյս տուած են երկրէն:
«Այժմ, երբ ցուցահանդէս մը կը կազմակերպեմ պատկերասրահիս մէջ, պետական ոչ մէկ ներկայացուցիչ կ՛այցելէ: Միայն արուեստի ուսանողներ եւ արուեստագէտներ կու գան, կ՛ըսէ Սապթի:- Քաղաքին երեւոյթին մասին մտածող չկայ, որովհետեւ իշխանութեան հասած են անձեր, որոնք կը բնակէին գիւղերու մէջ, անասուններու հետ: Հետեւաբար ինչպէ՞ս պիտի զարգացնէին իրենց ճաշակը»:
«Սատտամ եւս գիւղացի էր,- կը շարունակէ ան:- Սակայն ան բաւական խելացի էր` ապաւինելու համար վկայեալ եւ արհեստավարժ անձերու, որոնք կը հասկնային արուեստէ»:
Թայի համաձայն, իրաքցիք այսօր կ՛ընդօրինակեն Ծոցի շրջանի ճարտարապետներուն եւ ձեւագծողներուն ոճը:
«Անոնք կը փորձեն ցոյց տալ, թէ մաս կը կազմեն զարգացող աշխարհին, սակայն չեն անդրադառնար, թէ ի՛նչ կ՛ընեն,- կ՛ըսէ Թայ:- Կ՛ուզեն փաստել, թէ պարզապէս գիւղացիներ չեն»:
Անճաշակութիւնը մուտք գործած է նաեւ պետական սպասարկութիւններու գրասենեակները, որոնք լեցուած են կեղծ ծաղիկներով, աժան գեղանկարներով, գոյնզգոյն գորգերով եւ կահոյքով, ինչպէս կ՛ըսէ Ռայ:
Բազմաթիւ սպասարկութիւններ իրենց գրասենեակներուն համար արուեստի գործեր կը գնեն Պաղտատի Քարատա թաղամասին մէկ շուկայէն: Իրաքցի հռչակաւոր արուեստագէտի մը զաւակը` Հիւսէյն Խաֆաժի, որ նաեւ սեփականատէրն է Քարատայի մէջ պատկերասրահի մը, կ՛ըսէ, թէ բազմաթիւ պատասխանատուներ նոյնիսկ անձամբ չեն այցելեր` արուեստի գործեր գնելու համար:
«Պարզապէս իրենց թիկնապահները կ՛ուղարկեն այստեղ,- կ՛ըսէ ան:- Կարգ մը թիկնապահներ կը լուսանկարեն գեղանկարները, որպէսզի զանոնք ցոյց տան պատասխանատուներուն, եւ անոնք ընտրութիւն մը կատարեն»:
Խաֆաժի կ՛ըսէ, թէ սովորաբար 1000 տոլար կը պահանջէ հազիւ 100 տոլար արժող գեղանկարի մը համար, որովհետեւ գնողները արուեստէ չեն հասկնար: «Անոնք չեն գիտեր տարբերութիւնը լաւ կամ վատ գեղանկարի մը միջեւ:- Ոչինչ կը հասկնան, հետեւաբար ինչպէ՞ս արուեստ պիտի հասկնան»:
Հանրային ճաշակի յանձնախումբին պատասխանատուները կ՛ըսեն, թէ որոշ յաջողութիւն արձանագրած են պետական ընկերութիւններն ու սպասարկութիւնները համոզելով, որ մեղմացնեն քաղաքին շէնքերուն գոյները: Սակայն անոնք կ՛ընդունին, թէ տակաւին երկար ճամբայ ունին կտրելիք: Մինչ այդ Պաղտատ պարտաւոր է ինքզինք քարշ տալ իր պատմութեան ամէնէն տգեղ մէկ ժամանակաշրջանին ընդմէջէն, ինչպէս կ՛ըսէ Սապթի: «Ասկէ աւելի վատ ժամանակաշրջան գոյութիւն չէ ունեցած», կ՛աւելցնէ ան:
Իսկ Թայի համար լաւագոյն յոյսը աւազամրրիկներու հարուած մըն է:
«Այդ ատեն այս բոլոր գոյները պիտի թաքնուին բարեհամբոյր փոշիին տակ: Փոշին գէթ պիտի մեղմացնէ անճաշակութիւնը, եւ թերեւս Աստուծոյ նուէրը պիտի ըլլայ մեզի` սրբագրելու համար մեր սխալները», կ՛ըսէ ան:
Պատրաստեց՝
Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ