ԻՍԿԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒՆ` ՅԱԿՈԲՃԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

«Այս ճակատագիրը ի՛նչ սեւ է, Աստուա՛ծ…»:

Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր սկիզբ ունի իր վախճանը, բայց մարդկային կեանքի մէջ երբեմն կը պատահի անսպասելին, եւ ճակատագիրը կը ստիպէ մեզի մտածել, թէ կեանքի հանգրուանի սա վերջին պահը, սա հրաժեշտի պահը որքա՛ն խորհրդաւոր է, երբ ամբողջ կեանք մը, ապրուած կեանք մը կը գտնէ վերջ, եւ մենք վերջնական մնաս բարով կ՛ըսենք կեանքին, շրջապատին, հարազատին եւ կը պատրաստուինք դառնալ հող…:

Տակաւին մինչեւ երէկ ամբողջութեամբ կեանք, ամբողջութեամբ կենսունակութիւն բուրող Յակոբճանը… կարելի՞ է պահ մը մտածել, որ այլեւս չկայ, ոչ եւս է…:

Ան այսօր յաւիտենականօրէն կը բաժնուի մեզմէ, երթալու` անդէական, իր ետին ձգած կողակից, զաւակներ, թոռներ, հարազատներ, բարեկամներ, ընկերներ…: Սակայն Յակոբճանի մեկնումով ստեղծուելիք այս բացը մեզի կը ստիպէ խորհրդածել պահ մը, կատարել հաշուեյարդար եւ արժեւորել անոր ապրած կեանքը…

Արդարեւ, Յակոբճան հանդիսացաւ հայ` բառին իսկական առումով, նուիրուելով իր ազգին եւ զաւակներուն, ամուսին` հանդիսանալով պարտաճանաչ կողակից ու ընտանիքին նուիրեալ մարդ, ընկեր ու բարեկամ` միշտ պատրաստ ծառայելու շրջապատին…: Եւ որպէս այդպիսին` ան մուտք գործեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը, դարձաւ Լափաճի հայրենակցական միութեան անդամ, ապա վարչական` տարիներով, եւ անոնց միջոցով ծառայեց իր ժողովուրդին:

Այսօր, հրաժեշտի սա տխուր պահուն, թարգմանը հանդիսանալով Լափաճի հայրենակցական միութեան, կու գամ մխիթարութիւն մաղթելու անոր կողակիցին, զաւակներուն, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն` կիսելով իրենց սուգը:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Յակոբճան:

ՏՐԴԱՏ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES