Նախագահ Սլէյման Զգուշացուց Սահմանադրական Ժամկէտները Յարգելու Իմաստով Արձանագրուելիք Խախտումներէն

Միրթաժ Տինի եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ զգուշացուց լիբանանցիներուն կամքը շրջանցելէ` անոնց ներկայացուցիչներուն ընտրութեան շրջագիծին մէջ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը` ընտրական նոր օրէնքին հիման վրայ, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական կարգերն ու սահմանադրական ժամկէտները յարգելու կարեւորութիւնը:

«Սահմանադրական ժամկէտները որոշուած են յարգուելու համար եւ անոնց անարգումը Լիբանանի եւ անոր տնտեսութեան ու անոր նկատմամբ միջազգային վստահութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն կը ձգէ», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն ճիգ չխնայելու` ընտրական օրէնքի մշակումին առումով, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց իրարու դաւաճանութեամբ ամբաստանելու ոճին վերջ տալը:

Նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Իրանի նախագահի յատուկ պատուիրակ Մոհամետ Ռիտա Միրթաժ Տինին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց սահմանադրութեան գործադրութեան կարեւորութիւնը:

Միրթաժ Տինի նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի եւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի ողջոյնները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )