Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչուող Նոր Բանաձեւ Ներկայացուած Է Քոնկրեսին

Մայքըլ Կրիմ, Էտըմ Շիֆ,
Տէյվիտ Վալատաօ,Ֆրենք Փալոն

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի խումբ մը օրէնսդիրներ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող օրինագիծ մը ներկայացուցած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին: «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ճշմարտութեան եւ արդարութեան հռչակագիր» օրինագիծին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային կոչ կ՛ուղղուի հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմքը պէտք է ըլլայ «Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի եւ հետեւանքներու լիարժէք ճանաչումը»:

Օրինագիծին հեղինակներն են Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Մայքըլ Կրիմ, Էտըմ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն եւ Տէյվիտ Վալատաօ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ողջունած է օրէնսդիրներուն նախաձեռնութիւնը: «Մենք կ՛ողջունենք Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ճշմարտութեան եւ արդարութեան հռչակագիրը, որ` հիմնուելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու արձանագրութիւններուն վրայ, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ նոր մօտեցում ցուցաբերելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ. մօտեցում մը, որ կ՛արտացոլէ մեր ամերիկեան արժէքները եւ կը փաստէ, որ մեր ազգային շահերը կը պահանջեն վերջ դնել Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու քաղաքականութեան, եւ հասած է ժամը մարդկութեան դէմ ուղղուած այդ յանցագործութեան միջազգային ճանաչման», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Արամ Համբարեան:

«Գրեթէ մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան ուժերը անողոքաբար սպաննեցին աւելի քան մէկ միլիոն հայ տղամարդ, կիներ եւ անմեղ երեխաներ` ուզելով բնաջնջել հայերը երկրի երեսէն», յայտարարած է քոնկրեսական Կրիմ եւ աւելցուցած. «Միացեալ Նահանգներ եղած են աշխարհի մէջ արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան անխոնջ ջատագովը, եւ մեր սուրբ պարտականութիւնն է միանգամընդմիշտ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Քոնկրեսական Շիֆ իր կարգին նշած է, որ «Հայոց ցեղասպանութեան անյապաղ ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու բարոյական պարտականութիւնն է»:

«Շատոնց արդէն ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգներ պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսած է Ֆրենք Փալոն` աւելցնելով, որ «այսօր ներկայացուած բանաձեւը ցոյց կու տայ, որ մենք ձեռնածալ պիտի չնստինք, այնքան ատեն, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տակաւին կը խեղաթիւրէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )