Ակնարկ. Քարիւղի Տարանցման Կասեցումը Եւ Փլուզման Ահազանգը
Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլիի Ուաշինկթընի մէջ կատարած յայտարարութիւնը ի հարկէ նկատելի մեկնաբանութիւններու տեղի կու տայ:
Յայտարարութեան շարժառիթը Ռուսիոյ նախագահին կողմէ երկրին տարածքով ազրպէյճանական քարիւղի տարանցման կասեցման մասին որոշումի կայացումն է: Ըստ Սահակաշվիլիի, «եթէ Ազրպէյճանը փլուզուի, ապա այդ մէկը բացասաբար պիտի անդրադառնայ ամբողջ շրջանին վրայ: Միայն Ազրպէյճանի զարգացումը ամբողջ շրջանին պիտի ապահովէ զարգացում: Շատ կարեւոր է այսպիսի իրավիճակի մէջ Ազրպէյճանին աջակցիլը, եւ այդ աջակցութիւնը պէտք է ըլլայ յստակ ու հետեւողական»:
Վրաստան-Թուրքիա-Ազրպէյճան եռեակը շրջանային մակարդակի վրայ ուժանիւթային եւ ճանապարհային ծրագրեր իրականացնելու ընթացքին միշտ կը փորձէին շրջանցել Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Վրաստանի նախագահը բնականաբար անհրաժեշտութիւն չէր զգար այս շրջանցումներն ու շրջափակման նպաստող ծրագրերը քննադատելու: Ոչ միայն չէր զգար, այլեւ ինք եւս աշխուժ ներգրաւուած էր նման ծրագրերու մէջ:
Ռուսական որոշումը վրդովեցուցած է Վրաստանի նախագահը, որ նման վրդովում ունեցած էր Հայաստան-Աբխազիա-Ռուսիա երկաթուղիի վերագործարկման կարելիութիւններու արծարծման ընթացքին: Կը ստացուի այնպէս, որ Հայաստանի ապաշրջափակման միտող որեւէ հաւանական քայլ, շրջանային առումով մեր երկրի մրցունակութիւնը առաջադրող որեւէ ծրագիրի իրականացում խիստ կ՛անհանգստացնէ իր խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կորսնցուցած Վրաստանի նախագահը: Այլապէս, քաղաքական ընկալելիութեամբ պարզ է ռազմավարական գործընկերոջ նկատմամբ կիրարկուած ռուսական ճնշամիջոցի դիմաց նման հակազդեցութիւն: Առաւել եւս, որ Սահակաշվիլին առանձնապէս աչքի չ՛իյնար Մոսկուայի հետ բնականոն յարաբերութիւններով: Բայց այս արդէն ռուս-վրացական յարաբերութիւններու ելեւէջներու ընդհանուր պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել:
Այս պահուն մեզ աւելի կը հետաքրքրէ ազրպէյճանական քարիւղի տարանցման կասեցումը: Ասիկա ի հարկէ կրնայ մշտական բնոյթ չունենալ: Քաղաքական պահու ազդեցութեան գործօններու նկատառումը այստեղ էական է` տնտեսական-քաղաքական ճնշամիջոցներու կիրարկման միջազգային նախընթաց երեւոյթները նկատի ունենալով:
Սահակաշվիլիի այս դիրքորոշումը սակայն չմոռնանք, որ համավրացական բնոյթ չունի. առաւել եւս համապետական նոյնիսկ. փաստօրէն, կառավարական մակարդակի վրայ նման գնահատական մեկնաբանութիւն մինչ այժմ չէ կատարուած: Այս միակ դէպքը չէ, երբ տարբերութիւն, նոյնիսկ հակասութիւն կ՛երեւի շրջանային կարեւոր խնդիրները մեկնաբանելու ընթացքին` ներվրացական հարթութեան վրայ:
Յայտարարութեան մէկ այլ կարեւոր բաժին սակայն ուշադրութիւն կը գրաւէ. Սահակաշվիլին կը խօսի Ազրպէյճանի փլուզման մասին: Ազրպէյճանի քարիւղի տարանցման կասեցումը ինքնին դուռ կը բանայ նման ենթադրութիւններու մասին ոչ միայն մտածելու, այլեւ բարձրաձայնելու: Սահակաշվիլին կը խօսի Վրաստանի եւ շրջանի շահերուն մասին եւ անոնցմէ մեկնելով կ՛ահազանգէ Ազրպէյճանի փլուզման մասին:
Այս ճնշամիջոցները թիրախ ունին, ըստ Սահակաշվիլիի, փլուզել Ազրպէյճանը: Ազրպէյճանական հանրապետութեան արհեստականութիւնը շատ պատճառներ ունի նոյն երկրի փլուզման մասին վերլուծումներ կատարելու:
Սահակաշվիլիի օրով Վրաստանը կորսնցուց իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Սահակաշվիլին այժմ կը մտածէ, որ տարբեր հանգամանքներով թէկուզ, իր ռազմավարական գործընկերը կրնայ դիմագրաւել միեւնոյն վտանգը: Վաղ է հաստատելը, թէ քարիւղի տարանցման կասեցումը կրնայ սկիզբ դառնալ Ազրպէյճանի փլուզման. կարեւորը այն է, որ այս մասին սկսած է բարձրաձայնուիլ: Ռազմավարական գործընկերոջ կողմէ:
«Ա.»