Այս Տարեշրջանի Աւարտին. Պեքհամ Պիտի Լքէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Անգլիոյ լաւագոյն մարզիկը ճանչցուած ֆութպոլիստներէն Տէյվիտ Պեքհամ իր կատարած պաշտօնական մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այս տարեշրջանին աւարտին պիտի լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, երբ աւարտի Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը:

38 տարեկան Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետին վերջին ակումբը հանդիսացաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ այս տարեշրջանին հանդիսացաւ Ֆրանսայի ախոյեան:

115 անգամ Անգլիոյ շապիկը կրած Պեքհամ իր նախկին ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ մէկ անգամ տիրացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ վեց ախոյեանութիւններու եւ երկու Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքերու:

Ան տիտղոսներու տիրացած է նաեւ Ռէալ Մատրիտի եւ Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ (Միացեալ Նահանգներ):

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )