Ծառայող Գործիչներ
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ դատի երիտասարդ գործիչներէն Արմէն Կարապետեանը հասարակական յանձնառու գործունէութեան (իր բառը, որ նաեւ Հայաստանի մէջ հայրենացած է` ակտիվիզմ) կարեւորութեան մասին ակնարկ մը գրած էր` քաղաքական յարաբերութիւններու դաշտ հրաւիրելով մեր հայրենակիցները, անմիջական իբրեւ աշխատանք ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ ծրագիրներ:
«Ակտիվիստ»-ը հասարակական գործիչն է, հասարակութիւնը յուզող հարցերու համար պայքարողը, հասարակութեան` ժողովուրդին շահերուն համար վազվզողը, աշխատողը:
Սփիւռքեան իրականութեան մէջ հասարակական գործիչները միութենականներն են, որոնք աւելի յստակ աշխատանքի դաշտ ունին, ինչպէս` մշակութային, կրթական, մարզական, բարեսիրական: Միւս կողմէ, կուսակցութիւններու անդամները աւելի լայն, ընդգրկուն հետաքրքրութիւն ու աշխատանքի դաշտ ունին: Իւրաքանչիւր միութենական, այս ձեւով, հասարակական գործիչ մըն է` «ակտիվիստ» մը` իր ոլորտին մէջ, իսկ քաղաքական կուսակցութեան անդամը հասարակական գործիչ է` ամէնէն լայն առումով® մէկը, որ պատրաստ պէտք է ըլլայ հասնելու հոն, ուր կը զգացուի իր կարիքը, իր ծառայութիւնը, իր կազմակերպական փորձառութիւնը, իր քաղաքական ձեռնհասութիւնը:
Մէկ խօսքով, իւրաքանչիւր միութենական, մանաւանդ իւրաքանչիւր կուսակցական, հետեւաբար նաեւ իւրաքանչիւր դաշնակցական շարքային «ակտիվիստ» է` հասարակական գործիչ. նեղ միութենական կամ կուսակցական հարցերով կլանուած անդամ չէ, այլ` իր շրջապատի խնդիրներուն հանդէպ զգայուն, անոնց լուծումներ փնտռելու նախանձախնդիր, գործունեայ, նախաձեռնող: Ժողովական կեանքէն դուրս կայ ամբողջ աշխարհ մը` հայկական համայնքի առօրեան, ուր բազում խնդիրներ կը տագնապեցնեն մեր հայրենակիցները, եւ եթէ մենք` կուսակցականներս, յաւակնութիւնն ունինք դաշնակցական կոչուելու, ապա պարտաւոր ենք ծառայելու այդ խնդիրները լուծելու դատերուն` անհատապէս եւ հաւաքաբար: