Զօր. Աուն. «Իրաւունքը Վերադարձնելը Կարելի Է` Զայն Ուրացողին Չքուէարկելու Ընդմէջէն»

Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Մեթնի մասնաճիւղին կազմակերպած ընթրիքի երեկոյին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ «Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը մեծ առիթ մըն էր, որ սակայն կորսնցուցած ենք, որովհետեւ ներքին իմաստով խախտում մը արձանագրուած է»:

Ան շեշտեց, որ իրաւունքը վերադարձնելը կարելի է` այդ իրաւունքը ուրացողին չքուէարկելու ընդմէջէն:

Ան հարց տուաւ այդ առիթը կորսնցնող կողմերուն, թէ արդեօք անոնք երաշխիքներ ստացա՞ծ են ներքին թէ արտաքին իմաստով տիրելիք պայմաններուն մասին:

Զօր. Աուն հարց տուաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի` ըսելով. «Ժահժահի համար Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը յանկարծ հակասահմանադրական եւ երկրին ազգային համերաշխութիւնը խախտող օրինագի՞ծ մը դարձաւ»:

«Հարցը այն է, որ իրենք կ՛աշխատին իշխանութեան համար, իսկ մենք` արդարութեան ի խնդիր», շեշտեց զօր. Աուն:

Ան հաստատեց, որ արտօնելի չէ ոճրագործները Լիբանանի իշխանութեան վրայ պահել, որպէսզի անոնք այս կամ այն կողմը աւազակներ անուանեն` առանց փաստաթուղթերու:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )