Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումներ` Ֆաթհի Եւ «Պիլալ Պատըր» Խմբաւորումին Միջեւ

Շաբաթէն կիրակի լուսցող առաւօտեան ընթացքին, Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ Ֆաթհի եւ իսլամական խմբաւորումներու միջեւ, յատկապէս «Պիլալ Պատըր» խմբաւորումին, որ Ֆաթհ Իսլամի մօտիկ իսլամական զինեալ խմբաւորում մը եղած է:

Զինեալ բախումներուն եւ երկու կողմերուն միջեւ նռնականետերու օգտագործումին պատճառը այն է, որ «Պիլալ Պատըր» խմբաւորումը յարձակում մը գործած է Ֆաթհի կեդրոնին դէմ:

Ծանր զինեալ բախումները պատճառեցին զոհ մը եւ վիրաւորեցին տասնեակ մը ուրիշներ:

Այն Հելուէի ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուեցաւ գաղթակայանին բնակիչներուն կողմէ, որոնք ուղղուեցան դէպքին վայրը եւ խաղաղութիւնը հաստատող նստացոյց մը կատարեցին:

Այն Հելուէի մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, որ խախտեցաւ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )