Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Ահմատինեժատի Յատուկ Պատուիրակը
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ երեկոյեան ընդունեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի յատուկ պատուիրակ սէյիտ Մոհամետ Միրթաժ Տինին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ պաղեստինեան հարցին վերաբերող իսրայէլեան մնայուն սպառնալիքները:
CATEGORIES Լիբանանեան