Թուրքիոյ Մէջ Պատմութեան Դասագիրքերը Դարձեալ Պիտի Գրուին

Նապի Աւճը

«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական մամուլը չորեքշաբթի օր հաղորդած է այն լուրը, թէ Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Նապի Աւճը երեքշաբթի օր Մարմարա համալսարանին մէջ կազմակերպուած թրքերէնի եւ թրքական պատմութեան ուսուցման խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ իրենք կը պատրաստեն կարեւոր նոր ծրագիր մը, որ հաւանաբար մեծ հակազդեցութեան արժանանայ զանազան շրջանակներու կողմէ, սակայն կարեւոր անհրաժեշտութեան հանգամանք ունի:

«Մարմարա» կը նշէ, որ հարցը կը վերաբերի պատմութեան դասագիրքերուն: Աւճը յայտարարած է, որ պատմութեան դասագիրքերուն մէջ գոյութիւն ունեցող կարգ մը սխալները սրբագրելու համար դասագիրքերը դարձեալ պիտի գրուին: Ըստ անոր, պատմութեան դասագիրքերէն կ՛ակնկալուի, որ այդ գիրքերը համախմբեն ժողովուրդը, սակայն հակառակն է, որ կը պատահի, ուստի անջատում պատճառող այդ նիւթերը դասագիրքերէն մաքրելու համար նոր գիրքեր պիտի պատրաստուին, եւ կրթական յանձնախումբը աշխատանքներու ձեռնարկած է այդ ուղղութեամբ:

Նախարարը մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած, թէ ինչպիսի՛ սրբագրութիւններ պիտի կատարուին եւ նշած է, որ չի կրնար անոնց կէտ առ կէտ անդրադառնալ, սակայն կրթական յանձնախումբը պատմութեան բոլոր գիրքերը մէկ առ մէկ ձեռքէ պիտի անցընէ, եւ սրբագրութիւններէ ետք պատմութեան դասագիրքերը փոխուած բովանդակութեամբ պիտի դրուին աշակերտներու եւ ուսանողներու տրամադրութեան տակ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )