Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ Ապահովեց «Ֆայնըլ-Ֆոր»-Ի Իր Տոմսը
Երէկ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մութթահետ Թրիփոլի Սաֆատիի մարզահամալիրին մէջ 101-81 արդիւնքով յաղթելով Պիպլոսի եւ 3-2 արդիւնքով յառաջանալով անոր վրայ, ապահովեց «Ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն ամերիկացի Մարք Սէյլըրզ նշանակեց 46 կէտ, իսկ Պիպլոսէն Մայքըլ Ֆրէյզըր` 26 կէտ:
Մութթահետ, որ նախորդ տարի բացակայեցաւ «Ֆայնըլ-ֆոր»-էն, այժմ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սաժես Պէյրութը, շատ հաւանաբար յառաջիկայ հինգշաբթի, 23 մայիսէն սկսեալ (ընդամէնը` հինգ մրցում):
Իսկ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Շանվիլը եւ Ռիատի Պէյրութը:
CATEGORIES Մարզական