ԷՕԺԷՆ ԻՒՆԵՍՔՕ
Պատկեր 4
Մարթինները
Տէր եւ տիկին Մարթինները կը նստին դէմ դիմաց, իրարու կը ժպտան երկչոտութեամբ:
Պրն. Մարթին.- Ներեցէ՛ք, տիկին: Այնպէս կը թուի, որ եթէ չեմ սխալիր, ձեզի տեղ մը հանդիպած եմ:
Տիկ. Մարթին.- Նոյնպէս, պարոն: Ինծի ալ կը թուի, որ տեղ մը հանդիպած ենք:
Պրն. Մարթին.- Պատահմամբ ձեզ Մանչեսթըրի մէջ տեսած չե՞մ:
Տիկ. Մարթին.- Ի՜նչ հետաքրքրական է:
Պրն. Մարթին.- Ի՜նչ հետաքրքրական է: Միայն թէ ես, տիկին, Մանչեսթըր քաղաքէն հեռացայ, մօտաւորապէս հինգ շաբաթ առաջ:
Տիկ. Մարթին.- Ի՜նչ հետաքրքրական, ի՜նչ տարօրինակ զուգադիպութիւն: Նոյնպէս եւ ես, Մանչեսթըր քաղաքէն հեռացայ, մօտաւորապէս հինգ շաբաթ առաջ:
Պրն. Մարթին.- Ես նստայ առաւօտեան ժամը 8:30-ի շոգեկառքը, որ Լոնտոն կը հասնի հինգը քառորդ մնացած, տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Ի՜նչ հետաքրքրական, ի՜նչ տարօրինակ զուգադիպութիւն: Ես ալ նոյն շոգեկառքը առի, պարոն:
Պրն. Մարթին.- Աստուած իմ, ի՜նչ հետաքրքրական է: Ուրեմն կարելի է, տիկին, որ ձեզ տեսած ըլլամ շոգեկառքին մէջ:
Տիկ. Մարթին.- Շատ հաւանական է, ընդունելի է, ի վերջոյ ինչու ոչ: Բայց ոչ մէկ յիշատակ ունիմ, պարոն:
Պրն. Մարթին.- Երկրորդ կարգով կը ճամբորդէի, տիկին: Երկրորդ կարգ չկայ Անգլիոյ մէջ, ես կը ճամբորդեմ երկրորդ դասակարգով:
Տիկ. Մարթին.- Ի՜նչ տարօրինակ, ի՜նչ հետաքրքրական եւ ինչ զուգադիպութիւն: Ես ալ, պարոն, կը ճամբորդեմ երկրորդ կարգով:
Պրն. Մարթին.- Ի՜նչ հետաքրքրական է: Թերեւս երկրորդ կա՞րգը հանդիպած են իրարու, սիրելի տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Շատ հաւանական է: Բայց շատ լաւ չեմ յիշեր, սիրելի պարոն:
Պրն. Մարթին.- Տեղս, կառք թիւ 8-ին մէջ էր, 6-րդ բաժին, տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Ի՜նչ հետաքրքրական է: Իմ տեղս ալ կառք թիւ 8-ին, 6-րդ բաժնին մէջ էր, սիրելի պարոն:
Պրն. Մարթին.- Ի՜նչ հետաքրքրական է եւ ինչ զուգադիպութիւն: Արդեօք իրարու 6-րդ բաժնին մէ՞ջ հանդիպած ենք, տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Շատ հաւանական է, ի վերջոյ: Բայց չեմ յիշեր, սիրելի պարոն:
Պրն. Մարթին.- Խօսքին բացը, սիրելի տիկին, ոչ ալ ես կը յիշեմ, այսուհանդերձ հաւանական է, որ այդտեղ նշմարած ըլլանք զիրար, եւ եթէ չեմ սխալիր, այս մէկը շատ հաւանական կը թուի ըլլալ:
Տիկ. Մարթին.- Օ՜հ, իսկապէս, անշուշտ, իսկապէս, պարոն:
Պրն. Մարթին.- Ի՜նչ հետաքրքրական է: Թիւ 3 աթոռը ունէի, պատուհանին մօտ, սիրելի տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Օ՜հ, Աստուած իմ, ինչ հետաքրքրական է եւ ինչ տարօրինակ, ես թիւ 6 աթոռը ունէի, պատուհանին մօտ, ձեր դիմացը, սիրելի պարոն:
Պրն. Մարթին.- Աստուած իմ, ինչ հետաքրքրական եւ ինչ զուգադիպութիւն: Ուրեմն, մենք դէմ դիմաց էինք, սիրելի տիկին: Հոն տեսնուած պէտք է ըլլայինք:
Տիկ. Մարթին.- Ինչ հետաքրքրական է: Հաւանական է, բայց չեմ յիշեր, պարոն:
Պրն. Մարթին.- Խօսքին բացը, տիկին, ոչ ալ ես կը յիշեմ: Այսուհանդերձ, շատ հաւանական է, որ իրար տեսած ըլլանք այս առթիւ:
Տիկ. Մարթին.- Ճիշդ է, բայց բնաւ վստահ չեմ, պարոն:
Պրն. Մարթին.- Դուք չէի՞ք, սիրելի տիկին, այդ տիկինը, որ ինծի աղաչեց, որ պայուսակս հիւսուած թելերուն մէջ դնեմ, եւ որ յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ինծի արտօնեց, որ ծխեմ:
Տիկ. Մարթին.- Բայց այո, պէտք է ես եղած ըլլամ, պարոն: Ինչ հետաքրքրական, ինչ հետաքրքրական եւ ինչ զուգադիպութիւն:
Պրն. Մարթին.- Ինչ հետաքրքրական, ինչ տարօրինակ եւ ինչ զուգադիպութիւն: Լաւ ուրեմն, ուրեմն, արդեօք թերեւս այդ պահո՛ւն զիրար գիտցանք, տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Ինչ հետաքրքրական, ինչ զուգադիպութիւն: Շատ հաւանական է: Սակայն, չեմ կարծեր որ կը յիշեմ:
Պրն. Մարթին.- Ոչ ալ ես, տիկին:
(Լռութեան պահ մը: Ճօճանակը երկու անգամ կը զարնէ):
Պրն. Մարթին.- Լոնտոն գալէս ի վեր, Պրոմֆիլտ փողոցի վրայ կ՛ապրիմ, սիրելի տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Ինչ հետաքրքրական, ինչ տարօրինակ: Ես ալ, Լոնտոն գալէս ի վեր, Պրոմֆիլտ փողոցի վրայ կ՛ապրիմ, սիրելի պարոն:
Պրն. Մարթին.- Ի՛նչ հետաքրքրական, ուրեմն, ուրեմն, թերեւս Պրոմֆիլտ փողոցի վրայ հանդիպած ենք, սիրելի տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Ի՛նչ հետաքրքրական, ի՛նչ տարօրինակ: Շա՛տ հաւանական է, ի վերջոյ: Բայց չեմ յիշեր, սիրելի պարոն:
Պրն. Մարթին.- 19-րդ շէնքը կը բնակիմ, սիրելի տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Ինչ հետաքրքրական, ես ալ թիւ 19-րդ շէնքը կը բնակիմ, սիրելի պարոն:
Պրն. Մարթին.- Բնակարանս 5-րդ յարկն է, 8-րդ դուռը, սիրելի տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Ի՜նչ հետաքրքրական, Աստուած իմ, ի՜նչ տարօրինակ: Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն: Ես ալ կ՛ապրիմ 5-րդ յարկը, թիւ 8-րդ դուռը, սիրելի պարոն:
Պրն. Մարթին (Մտածկոտ).- Ի՜նչ հետաքրքրական, ի՜նչ, ի՜նչ հետաքրքրական, ի՜նչ հետաքրքրական եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն: Գիտէք, ննջասենեակս անկողին մը ունի: Անկողինս ծածկուած է կանաչ ծածկոցով: Այս ննջասենեակը, անկողինով եւ կանաչ ծածկոցով, կը գտնուի միջանցքին ծայրը, water-ին եւ գրադարանին միջեւ, սիրելի տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Ի՜նչ զուգադիպութիւն, օ՜հ, Աստուած իմ, ի՜նչ զուգադիպութիւն: Իմ ննջարանս ալ, իր անկողինով եւ կանաչ սաւանով, կը գտնուի միջանցքին ծայրը, water-ին եւ գրադարանին միջեւ:
Պրն. Մարթին.- Ինչ տարօրինակ, հետաքրքրական եւ արտառոց բան: Ուրեմն, տիկին, կը բնակինք նոյն սենեակին մէջ ու կը քնանանք նոյն անկողինին մէջ, սիրելի տիկին: Թերեւս հոն իրարու հանդիպած ենք:
Տիկ. Մարթին.- Ինչ հետաքրքրական եւ ինչ զուգադիպութիւն: Շատ հաւանական է, որ հոն հանդիպած ըլլանք, թերեւս նոյնիսկ երէկ գիշեր: Բայց, չեմ յիշեր, սիրելի պարոն:
Պրն. Մարթին.- Պզտիկ աղջիկ մը ունիմ, իմ պզտիկ աղջիկս հեռու կ՛ապրի, սիրելի տիկին: Երկու տարեկան է, շիկահեր է, մէկ աչքը սպիտակ, միւս աչքը կարմիր է, շատ անուշիկ է, անունը Ալիս է, սիրելի տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Ինչ տարօրինակ զուգադիպութիւն: Ես ալ անուշիկ աղջիկ մը ունիմ, երկու տարեկան է, մէկ աչքը` սպիտակ, միւս աչքը` կարմիր, սպիտակ անուշիկ է եւ անունն ալ Ալիս է, սիրելի պարոն:
Պրն. Մարթին (Դանդաղ եւ միալար).- Ինչ հետաքրքրական եւ ինչ զուգադիպութիւն եւ արտառոց: Թերեւս նոյն աղջիկն է, սիրելի տիկին:
Տիկ. Մարթին.- Ի՜նչ հետաքրքրական: Շատ հաւանական է, սիրելի պարոն: (Երկար լռութիւն մը… ճօճանակը 29 անգամ կը զարնէ):
Պրն. Մարթին (Երկար մտածելէ ետք, դանդաղօրէն կը կանգնի, առանց աճապարելու, կը յառաջանայ դէպի տիկին Մարթինը, որ զգաստանալով` ինք ալ կը կանգնի դանդաղօրէն: Պրն. Մարթին նոյն միալար ձայնը ունի).- Ուրեմն, սիրելի տիկին, կը կարծեմ, որ կասկած չկայ, թէ մենք ասկէ առաջ տեսնուած ըլլանք, եւ դուք, իմ կինս ըլլաք… վերագտայ քեզ, Էլիզապէթ:
(Տիկ. Մարթինը կը մօտենայ պրն. Մարթինին առանց աճապարելու: Կը փաթթուին առանց երեսի արտայայտութեան: Ճօճանակը մէկ անգամ կը զարնէ, շատ ուժեղ, ճօճանակին զարկը շատ ուժեղ պէտք է ըլլայ, որ ժողովուրդը զգաստանայ: Տէր եւ տիկին Մարթինները չեն լսեր զարկը):
Տիկ. Մարթին.- Տոնալտ, այս դո՞ւն ես, chéri! (Կը նստին նոյն բազկաթոռին վրայ, իրարու փաթթուած կը քնանան: Ճօճանակը տակաւին քանի մը անգամ կը զարնէ: Մարի, ոտքի մատներուն վրայ, ցուցամատը` շրթունքին, կամաց-կամաց կը մտնէ եւ խօսքը կ՛ուղղէ հանդիսատեսին):
Պատկեր 7
Նոյները Եւ Տէր Եւ Տիկին Սմիթ
Տէր եւ տիկին Սմիթ կը մտնեն աջ կողմէն, նոյն հագուստները հագած:
Տիկ. Սմիթ.- Բարի երեկոյ, սիրելի՛ բարեկամներ: Ներեցէ՛ք, որ այսքան երկար ատեն ձեզ սպասցուցինք: Մտածեցինք ձեզի մատուցել այն պատիւը, որուն արժանի էք, եւ երբ իմացանք, թէ կ՛ուզէք մեզ ուրախացնել` առանց լուր տալու, մեր քով գալով շուտով ներս վազեցինք` մեր տօնական հագուստները հագուելու:
Պրն. Սմիթ (Զայրացած).- Ամբողջ օրը բան մը չկերանք: Չորս ժամ եղաւ ձեզի կը սպասենք: Ինչո՞ւ ուշացաք:
(Տէր եւ տիկին Սմիթ կը նստին իրենց հիւրերուն դիմաց: Ճօճանակը` առիթներով կ՛ընդգծէ (կը շեշտէ) անոնց խօսքերը: Մարթինները, մանաւանդ տիկին Մարթին, ամչցած կ՛երեւին: Այդ պատճառով է, որ խօսակցութիւնը դժուար ձեւով կ՛ընթանայ (կը սկսի), եւ բառերը, սկիզբը դժուարութեամբ դուրս կու գան: Երկար ու նեղացուցիչ լռութիւն մը կը տիրէ սկիզբը, ապա ուրիշ լռութիւններ ու երկմտանքներ կը հետեւին):
Պրն. Սմիթ.- Հմ: (Լռութիւն):
Տիկ. Սմիթ.- Հմ, հմ: (Լռութիւն):
Տիկ. Մարթին.- Հմ, հմ, հմ: (Լռութիւն):
Պրն. Մարթին.- Հմ, հմ, հմ: (Լռութիւն):
Տիկ. Մարթին.- Անտարակոյս: (Լռութիւն):
Պրն. Մարթին.- Բոլորս հարբուխ ենք: (Լռութիւն):
Պրն. Սմիթ.- Բայց օդը ցուրտ չէ: (Լռութիւն):
Տիկ. Սմիթ.- Հովը չի փչեր: (Լռութիւն):
Պրն. Մարթին.- Ոչ, բարեբախտաբար: (Լռութիւն):
Պրն. Սմիթ.- Ահ, լա, լա, լա, լա: (Լռութիւն):
Պրն. Մարթին.- Տխո՞ւր էք: (Լռութիւն):
Տիկ. Սմիթ.- Ոչ: Կը ձանձրանայ: (Լռութիւն):
Տիկ. Մարթին.- Ոհ, պարոն, ձեր տարիքին, պէտք չէ այդպէս ըլլալ: (Լռութիւն):
Պրն. Սմիթ.- Սիրտը տարիք չունի: (Լռութիւն):
Պրն. Մարթին.- Ճիշդ է: (Լռութիւն):
Տիկ. Սմիթ.- Այդպէս կ՛ըսեն: (Լռութիւն):
Տիկ. Մարթին.- Հակառակն ալ կ՛ըսեն: (Լռութիւն):
Պրն. Սմիթ.- Իրականութիւնը երկուքին միջեւ է: (Լռութիւն):
Պրն. Մարթին.- Ճիշդ է: (Լռութիւն):
Տիկ. Սմիթ (Մարթիններուն ուղղուած).- Դուք որ շատ կը ճամբորդէք, պէտք է հետաքրքրական բաներ ունենաք պատմելիք:
Պրն. Մարթին (Կնոջը).- Ըսէ՛, հոգիս, ի՞նչ տեսար այսօր:
Տիկ. Մարթին.- Վազ անցիր, պիտի չհաւատան:
Պրն. Սմիթ.- Ձեր ճշմարտութիւնը կասկածի տակ պիտի չդնենք:
Տիկ. Սմիթ.- Մեզ վիրաւորած կ՛ըլլաք եթէ այդպէս մտածենք:
Պրն. Մարթին.- Դուն զիրենք պիտի վիրաւորէիր, հոգիս, եթէ այդպէս մտածէիր…
Տիկ. Մարթին.- Ուրեմն, այսօր շատ տարօրինակ դէպքի մը ներկայ եղայ: Անհաւատալի բան մը:
Պրն. Մարթին.- Շո՛ւտ ըրէ, հոգիս:
Պրն. Սմիթ.- Ահ, պիտի զբաղինք:
Տիկ. Սմիթ.- Վերջապէ՛ս:
Տիկ. Մարթին.- Ուրեմն, այսօր, բանջարեղէն գնելու համար շուկայ երթալու ատեն, բանջարեղէնի գիները հետզհետէ կը բարձրանան…
Տիկ. Սմիթ.- Ի՞նչ պիտի պատահի…
Պրն. Սմիթ.- Պէտք չէ՛ ընդհատել, հոգիս, չարուկ:
Տիկ. Սմիթ.- Ճամբան, սրճարանի մը մօտ, մարդ մը տեսայ, պատշաճ հագած, մօտ յիսուն տարեկան… չէ, չէ, ոչ այդքան… որ…
Պրն. Սմիթ.- Ո՞վ, ի՞նչ:
Տիկ. Սմիթ.- Ո՞վ, ի՞նչ:
Պրն. Սմիթ (Կնոջը).- Պէտք չէ ընդհատել, հոգիս, գարշելի՛ ես:
Տիկ. Սմիթ.- Հոգիս, դուն էիր առաջին անգամ ընդհատողը, անկիրթ:
Պրն. Մարթին.- Սո՜ւս (կնոջը)` ի՞նչ կ՛ընէր այդ մարդը:
Տիկ. Մարթին.- Պիտի ըսէք, թէ ես կը հնարեմ այս բոլորը, մէկ ծունկը գետին դրած էր եւ ինք ծռած էր:
Պրն. Մարթին, պրն. Սմիթ, տիկ. Մարթին.- Օ՜հ:
Տիկ. Մարթին.- Այո, ծռած:
Պրն. Սմիթ.- Անկարելի:
Տիկ. Մարթին.- Այո, ծռած: Իրեն մօտակայ նայելու, թէ ինչ կ՛ընէր…
Պրն. Սմիթ.- Եւ յետո՞յ:
Տիկ. Մարթին.- Կօշիկին կապերը կը կապէր:
Երեքը մէկ.- Սքանչելի:
Պրն. Սմիթ.- Եթէ դուք չըլլայիք պատմողը, պիտի չհաւատայի:
Տիկ. Սմիթ.- Ինչո՞ւ չէ: Տակաւին աւելի տարօրինակ բաներ կը տեսնենք, երբ ճամբաները քալենք: Այսօր, ես ինքս, մեթրոյի նստարանի մը վրայ մարդ մը տեսայ, նստած թերթ կը կարդար:
Պրն. Սմիթ.- Թերեւս նոյն անձն էր:
(Դուռը կը զարնէ)
Պրն. Սմիթ.- Ահա՛, զանգն է:
Տիկ. Սմիթ.- Վստահ մէկն է: Երթամ նայիմ: (Կ՛երթայ նայելու: Կը բանայ դուռը եւ կը վերադառնայ): Ոչ մէկը:
(Կը նստի):
Պրն. Մարթին.- Ձեզի օրինակ մը պիտի տամ:
(Զանգ)
Պրն. Սմիթ.- Ահա՛, զանգն է:
Տիկ. Սմիթ.- Պէտք է մէկը ըլլայ: Երթամ նայիմ: (Կ՛երթայ նայելու: Կը բանայ դուռը ու կը վերադառնայ): Ոչ ոք: (Կը վերադառնայ իր տեղը):
Պրն. Մարթին (Մոռնալով ուր հասած էր…).- Ըը՜հ…
Տիկ. Մարթին.- Կ՛ըսէիր, թէ օրինակ մը պիտի տայիր:
Պրն. Մարթին.- Ահ, այո…
(Զանգը)
Պրն. Սմիթ.- Ահա՛, զանգն է:
Տիկ. Սմիթ.- Այլեւս պիտի չբանամ:
Պրն. Սմիթ.- Բայց անպայման մէկը դրան առջեւ կը սպասէ:
Տիկ. Սմիթ.- Առաջին անգամ մէկը չկար: Երկրորդ անգամ` նոյնպէս: Ինչո՞ւ կը հաւատաս, թէ հիմա մէկը կայ:
Պրն. Սմիթ.- Քանի որ զանգը հնչեցուց:
Տիկ. Մարթին.- Ասիկա պատճառ մը չէ:
Պրն. Մարթին.- Ինչպէ՞ս: Երբ լսենք դուռին զանգը, այդ կը նշանակէ, որ մէկը կայ դրան առջեւ, որ կը զարնէ, որպէսզի դուռը բանանք:
Տիկ. Մարթին.- Ոչ միշտ: Տեսաք քիչ առաջ:
Պրն. Մարթին.- Ընդհանրապէս այդպէս է, այո:
Պրն. Սմիթ.- Ես երբ մէկու մը տունը երթամ, զանգը կը հնչեցնեմ, որպէսզի դուռը բանան եւ ներս մտնեմ: Կարծեմ ամէն մարդ այսպէս կ՛ընէ, եւ երբ միշտ դուռը զարնուի, կը նշանակէ, թէ մէկը կայ:
Տիկ. Սմիթ.- Այս մէկը իբր տեսութիւն, ճիշդ է: Բայց իրականութեան ընթացքը տարբեր է: Տեսար քիչ առաջ:
Տիկ. Մարթին.- Ձեր կինը իրաւունք ունի:
Պրն. Մարթին.- Օ՜հ, դուք, կիներդ, միշտ զիրար կը պաշտպանէք:
Տիկ. Սմիթ.- Լաւ, պիտի երթամ, նայիմ: Չես ըսեր, թէ յամառ եմ, բայց պիտի տեսնես, որ մէկը չկայ: (Կ՛երթայ նայելու: Դուռը կը բանայ եւ կը փակէ): Տեսա՞ր, մէկը չկայ: (Կը վերադառնայ իր տեղը):
Տիկ. Սմիթ.- Ա՜խ, այս տղամարդիկը, որ միշտ կ՛ուզեն իրաւունք ունենալ, միշտ ալ սխալ կ՛ըլլան (նորէն դրան զանգը կը լսուի):
Պրն. Սմիթ.- Ահա՛, զանգն է: Անպայման մէկն է:
Տիկ. Սմիթ (Զայրացած).- Ա՛լ զիս մի՛ ղրկեր դուռը բանալու: Տեսա՛ր ինչպէս անիմաստ է: Փորձառութեամբ կը սորվինք, թէ երբ միշտ զանգը լսենք` կը նշանակէ, թէ մէկը չկայ…
Տիկ. Մարթին.- Երբե՛ք:
Պրն. Մարթին.- Վստահ չէ:
Պրն. Սմիթ.- Նոյնիսկ սխա՛լ է: Ընդհանրապէս, երբ դուռը կը զարնուի` կը նշանակէ, թէ մէկը կայ դրան առջեւ:
Տիկ. Սմիթ.- Պիտի չհրաժարի ասկէ:
Տիկ. Մարթին.- Իմ ամուսինս ալ շատ յամառ է:
Պրն. Սմիթ.- Մէկը կայ:
Պրն. Մարթին.- Անկարելի բան չէ:
Տիկ. Սմիթ (Ամուսինին).- Ո՛չ:
Քեզի կ՛ըսեմ, որ ո՛չ: Ամէն պարագայի այլեւս զիս չես կրնար խանգարել: Եթէ կ՛ուզես գիտնալ, դուն գնա՛:
Պրն. Սմիթ.- Կ՛երթամ:
Տիկ. Սմիթ.- (Ուսերը վեր կը քաշէ):
Տիկ. Մարթին.- (Գլուխը կը շարժէ):
Պրն. Սմիթ.- (Դուռը կը բանայ).- Ա՜հ, ինչպէս էք: (Ան կը նայի տիկին Սմիթին եւ Մարթիններուն, որոնք ապշած են: Հրշէջներուն հրամանատարն է):
Հատուած