50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 27 ՄԱՅԻՍ 1961 )

«ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ»ՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՔԱՐԱՆԹԻՆԱՅԻ ՄԷՋ

Քարանթինայի Կիրակնօրեայ դպրոցին կազմակերպած հանդիսութիւնը` նուիրուած մայրերուն, տեղի ունեցաւ կիրակի, 21 մայիսի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, շրջանի ակումբին մէջ, ստուար բազմութեան մը ներկայութեան:

Դպրոցին քայլերգէն ետք, բացման խօսքը ըրաւ կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Հրանդ Աճեմեան: Յարգելի տեսուչը իր խօսքին մէջ առաւելաբար շեշտեց մօր դերը եւ անոր ունեցած կենսական անհրաժեշտութիւնն ու օգտակարութիւնը` ընկերային առողջ սերունդի մը կերտումին մէջ: Թելադրեց մայրերուն, որպէսզի անոնք առաւել գիտակցութեամբ մօտենան իրենց վերապահուած պարտականութեանց եւ պարտաւորութեանց եւ հեռու կենան արդիական եւ զանազան հարցերու միջամուխ ըլլալէ:

Ապա օրիորդ Ն. Տեմիրճեան յուզումով արտասանեց Արշիի «Հայ մայրերը…» քերթուածը, որմէ ետք երգչախումբը երկձայն երգեց «Մայրենի լեզուն»` ղեկավարութեամբ Հրանդ Աճեմեանի:

Գեղեցիկ անակնկալ մը եղաւ մեզի համար լսել ու վայելել Յասմիկ Հայրապետեանի քնքուշ ու հաղորդական ձայնը:

Ս. Մկրտիչեանի արտասանութենէն ետք, առիթը ունեցանք լսելու Մարկօ Գույումճեանի եւ Անահիտ Հայրապետեանի գեղեցիկ զուգերգը, զոր յաջողապէս կատարեցին:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը` Արմէն Տօնոյեան, որ պարզելէ ետք օրուան իմաստը, աւելցուց. «Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը ամէնէն մեծ տօնն է, զոր մարդիկ երբեւիցէ ստեղծած ըլլան իրենց երախտագիտական եւ գնահատական լաւագոյն զգացումները արտայայտելու: Մայրը հսկայ այն օղակն է, զօդիչ այն ուժը, որ անցեալը կը կապէ ներկային եւ ներկան կ՛երկարաձգէ յաւերժին մէջ: Ան կեանքին յարատեւութիւնը կ՛ապահովէ, կենդանութեան աղբիւրն իսկ է:

«Մեծ ազգեր ծնունդ են մեծ մայրերուն: Յաղթանակներ միայն չեն կերտուիր ֆիզիքական ու նիւթական զօրութեամբ. ճշմարիտ ու յաւիտենական յաղթանակը, որ ծնունդն է ընկերութեանց բարոյական մակարդակին եւ դաստիարակութեան, կը բխի մայրերու կաթէն ու շունչէն»:

Ապա պատմականը ըրաւ եւ պայծառացուց մօրը արժէքը ու դերը պատմութեան մէջ` սկսելով նախապատմական շրջանէն, ուր մայրերու տիրապետութիւնը շեշտուած է, ապա տուաւ տարբերութիւնը մայրական ըմբռնումին, Արեւելքի մէջ, ուր կինը առաւելաբար ենթակայ է. Արեւմուտքի մէջ, ուր այժմ կինը կը վայելէ այր մարդու հաւասար իրաւունքներ, եւ ուր երկրորդական գետնի վրայ է մայրական պարտականութիւնը: Այս երկուքին հա՛յն է տիպար մայրը, արեւելքցիի անկեղծութեամբն ու զոհաբերական ոգիով, արեւմուտքցիի քաղաքամտութեամբ ու լայնախոհութեամբ:

Կենդանական աշխարհէն օրինակներով բացատրեց մայրական բնազդը, այդ բնազդի զօրութեամբ` սէրը մարդուն մօտ, սիրոյ զօրութեան չափն ու սահմանումը, մայրական անպատում տառապանքը եւ տառապանքով ստեղծուած իր զաւկի հանդէպ անոր ունեցած անսահման սէրն ու գուրգուրանքը: Ապա թուեց օրինակներ հայ շատ մը մեծ բանաստեղծներէն, միջազգային գրականութենէն եւ վեր առաւ դէմքը մօր` գալով այն եզրակացութեան, որ սերունդներ դաստիարակելու համար չեն բաւեր կրթական մեծ հիմնարկութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, ամէնէն առաջ պէտք է մայրերուն դաստիարակութիւնը, որովհետեւ ազգին մայրը սերունդներու մայրն է, իսկ սերունդներ բարոյական եւ ընկերային վեհ ու ազատական գաղափարներով օժտելու միակ միջոցն է մայրերու շունչը:

Բանախօսութենէն ետք երգչախումբը երկձայն երգեց «Զանճառելի լուսոյ մայր» շարականը, որմէ ետք աշակերտներ յաջողապէս ներկայացուցին «Սողոմոնի դատաստանը» տրամախօսութիւնը, ուր երեւան կու գար հարազատ մօր մը տիպարը:

Տեսուչը, իր շնորհակալութեան խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրեց Անթիլիասի երիտասարդ միաբաններէն Խոսրով վրդ. Էմիրզէեանը, որպէսզի իր օրհնութեամբ փակէ Մայրերու օրուան հանդիսութիւնը: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ շեշտեց մայրերուն վերապահուած դերին կենսական կարեւորութիւնը` առողջ ու ընկերային սերունդի մը կերտումին մէջ, որուն պէտք ունինք մանաւանդ այս օրերուն: Թելադրեց անոնց, որպէսզի լրջօրէն գիտակցին իրենց վրայ դրուած յոյսերուն եւ նոր սերունդին ներշնչելով սիրոյ եւ համերաշխութեան ոգին` պատրաստեն ու ընծայեն մեզի, մեր պատուական ժողովուրդին, առողջ, իրարհասկցող եւ իրա՛ւ հայ երիտասարդներու փաղանգ մը:

Հայր սուրբին պահպանիչով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը եւ ներկաները մեկնեցան սրահէն` հոգեկան բաւարարութիւնը իրենց սրտերուն, շնորհաւորելով արդարօրէն, Քարանթինայի Կիրակնօրեայ դպրոցի աշխատունակ եւ ժրաջան տեսուչն ու ուսուցչական կազմը:

ԱՐՓԻ

Share this Article
CATEGORIES