ՀԱՅՐԵՆԻ ՇՈՒՆՉՆ ՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒՆ ՏԱՂԱՆԴԸ ԱՐՏԱՑՈԼՈՂ «ԱՐԱՐԱՏԻ ՇՐՇՈՅՆՆԵՐԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ցուցահանդէսին ներկաները

Հայաստանի «Արամէ» ցուցասրահի եւ լիբանանեան «Կոկիկեան» հիմնադրամի միացեալ նախաձեռնութեամբ ու համադրուած ճիգերով, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ 25 մայիսին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանէն 17 արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններու հաւաքական ցուցահանդէսին:

Ցուցահանդէսին մասնակից գեղանկարիչներն են` Ժանսեմ, Ռոպեր Էլիբեկեան, Ռուբէն Աբովեան, Քարլոս Սայադեան, Ռուբէն Գրիգորեան, Սարգիս Համալբաշեան, Գաբրիէլ Մանուկեան, Արմէն Գէորգեան, Ալպեր Յակոբեան, Տիգրան Մաթուլեան, Գագիկ Ղազանչեան, Կայծ Վանիկեան, Տիգրան Պետրոսեան, Աւետիք Չիթչեան, Մարատ Մարգարեան, Տիգրան Բարխանաջեան եւ Գասպար Մելքոնեան:

«Արարատի շրշոյնները» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին ներկայացուած պաստառներէն իւրաքանչիւրը իր իւրայատկութեամբ, նիւթերու այլազանութեամբ, գեղագիտական բարձր ճաշակով, խորքայնութեամբ եւ գրաւչութեամբ արուեստասէր հանրութեան կը փոխանցէր հայրենի աշխարհի շունչն ու արուեստագէտներուն տաղանդը` դիտողը տանելով անոնց աշխարհներուն եւ մտապատկերներուն ուղղութեամբ:

Այս ցուցահանդէսը իւրայատուկ էր նաեւ անով, որ մշակոյթն ու կրթական նպատակները կը մէկտեղուէին. արդարեւ, պաստառներու վաճառքէն գոյացած հասոյթէն նախատեսուած է տրամադրել կրթական նպատակներու` լիբանանահայ սաներու կրթաթոշակներու օժանդակութեան:

«Կոկիկեան» հիմնադրամին անունով խօսք առաւ փոխնախագահ Սուհայլա Հայիք, որ անդրադարձաւ արուեստի գաղտնիքներուն, անոր դրսեւորման կերպերու այլազանութեան, նաեւ ընկալման իւրայատուկ ձեւերուն: Ան նաեւ նշեց, որ արուեստագէտը ուղղակիօրէն կ՛ազդուի իր շրջապատէն եւ իր մշակութային ժառանգութիւններէն: Ապա լուսարձակի տակ առնելով մշակոյթի եւ կրթութեան համախմբման այս առիթը` Ս. Հայիք դիտել տուաւ, որ ուսանողը ճիշդ ուղիով առաջնորդելը, անոր նեցուկ կանգնիլը կարեւոր են, որովհետեւ այդ նոյն ուսանողն է, որ մշակութային, ազգային եւ այլ մարզերու մէջ դերակատար պիտի ըլլայ: Անոր համաձայն, հիմնադրամին նպատակն է լաւագոյնին հասնիլ կրթութեան, մշակոյթի եւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը հիմնադրամի փոխնախագահը հաստատեց, որ այսօրուան աշխատանքին շնորհիւ կարելի է լաւ ապագայ մը ունենալ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մշակոյթի նախարարութեան` ձեռնարկը հովանաւորելուն եւ «Արամէ» պատկերասրահին` այս նախաձեռնութեան յաջողութեան գծով համագործակցելուն համար:

«Արամէ» պատկերասրահի հիմնադիր-տնօրէն Արամ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար, որ ցուցանիշ է արուեստի արժեւորման եւ գնահատման, նաեւ ուրախութիւն արտայայտեց «Կոկիկեան» հիմնադրամին հետ համագործակցութեան գծով: Ան դիտել տուաւ, որ ցուցահանդէսը շատ լաւ առիթ է լիբանանցիներուն ներկայացնելու Հայաստանի արուեստի լաւագոյն նմուշներն ու արուեստագէտները:

Մշակոյթի գործավար նախարար Սելիմ Ուարտէ նկատել տուաւ, որ իրեն համար մեծ պատիւ է նման նախաձեռնութեան մը ներկայ գտնուիլը` հաստատելով, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին նպատակն է համախմբման վայր ըլլալ տարբեր տեսակի արուեստներու, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարդոց միջեւ մերձեցման հաստատման նպաստող նախաձեռնութիւններու:

Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մէկ շաբաթ:

 

Share this Article
CATEGORIES