ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՍՈՒՐԻԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ
Դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ եւրոպական երկիրներ սկսած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն «ցուցարարներուն եւ ժողովրդավարութիւն պահանջողներուն դէմ արիւնալի իր արշաւին համար» Սուրիան դատապարտող որոշում մը պահանջելու ջանքերու: Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Փորթուգալ այս առումով բանաձեւի նախագիծ մը շրջանառութեան մէջ դրած են, հակառակ անոր որ այն կարելիութիւնը գոյութիւն ունի, թէ Ռուսիա զայն կրնայ վեթոյի ենթարկել:
Նախագիծը կը դատապարտէ «սուրիական իշխանութեանց կողմէ մարդկային իրաւանց կազմակերպուած բռնաբարումները, ներառեալ` խաղաղ ցուցարարներու, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւ լրագրողներու սպանութիւնները, կամայական ձերբակալութիւնները, անյայտացումները եւ չարչարանքները»: Նախագիծը նաեւ կը նշէ, որ «սուրիական արարքները թերեւս համազօր են մարդկութեան դէմ ոճիրներու»:
Ի տարբերութիւն Լիպիոյ դէմ որդեգրուած ՄԱԿ-ի բանաձեւին, նախագիծը ՄԱԿ-ի կողմէ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատման կամ զինուորական միջամտութեան որեւէ ակնարկ չի բովանդակեր:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ չորեքշաբթի գիշեր Դամասկոսի մէջ Քաթարի դեսպանին տան մէջ արաբ դեսպաններու հետ երկարատեւ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիա, Չինաստան եւ Իրան Սուրիոյ դէմ ամերիկեան եւ եւրոպական պատժամիջոցները դատապարտող հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին, սակայն «ո՞ւր են մեր եղբայրները»: Ան նշեց, որ Սուրիա որեւէ արաբական երկրի զօրակցելու երբեք չէ ուշացած: Ան «մեր արաբ եղբայրները» մեղադրեց այդ պատժամիջոցներուն հարցով Սուրիոյ չզօրակցելնուն համար:
Մոալլեմ յայտնեց, որ «մենք կը կարծէինք, որ Եւրոպական Միութիւնը վստահելի գործընկեր մըն է», սակայն ի յայտ եկաւ, որ ան «իր շահերը կը պաշտպանէ ի վնաս մեր շահերուն»: Ան նշեց, որ այդ երկիրները մեծ սխալ մը գործած են, երբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը թիրախ դարձուցած են, ինչպէս նաեւ, երբ խռովարարութիւններ կատարելու համար խմբաւորումներ դրդած են: Ան վստահեցուց, որ բարեփոխումներու հոլովոյթին պատճառով Սուրիա ներկայ տագնապէն աւելի հզօր եւ միակամ դուրս պիտի գայ:
Սուրիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտալլա իֆան Մոալլեմի հետ հանդիպումին մասին սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա Սուրիոյ նկատմամբ նախանձախնդրութիւն ու հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ եւ անոր ամենայն բարիք, ներկայ տագնապի ըստ կարելւոյն շուտ շրջանցում եւ արաբական աշխարհին մէջ կարեւոր եւ բնական դերակատարութեան վերադարձ կը մաղթէ: Ան վստահեցուց, որ Սուրիոյ կայունութիւնը արաբական աշխարհին կայունութիւնն է: Նոյնպիսի յայտարարութիւն մը ըրած է նաեւ Սուրիոյ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Շաուքի Իսմայիլ եւ նշած է, որ Սուրիոյ նկատմամբ արաբական երկիրներու զօրակցական յայտարարութեանց պատճառը այն է, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ներքին հարցերով զբաղած է:
Յորդանանի դեսպան Օմար Ահմետ իր կարգին յայտնած է, որ «Սուրիոյ մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը արաբ ժողովուրդի շահերէն կը բխի» եւ աւելցուցած, որ յորդանանցի պաշտօնատարներ պաշտօնական եւ լուսարձակներէ հեռու այցելութիւններ կու տան, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդագրութիւններ կ՛ունենան, «եւ Սուրիոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը մեզ կը շահագրգռէ»: