Եգիպտական Բանակը Միասնականութեան Եւ Հաշտութեան Կոչ Կ՛ուղղէ. Սաստիկ Բախումներ` Մուրսիի Հետեւորդներուն Եւ Հակառակորդներուն Միջեւ

Երէկ երեկոյեան պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետեւորդներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ տեղի ունեցան սաստիկ բախումներ` եգիպտական 8 նահանգներու մէջ: Մուրսիի հետեւորդները ներխուժեցին Թահրիրի հրապարակ` իրենց հակակշիռը բանեցնելու անոր վրայ: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, բախումներուն պատճառով ինկան 6 զոհեր եւ տասնեակներով ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Եգիպտական բանակը Եգիպտոսի մէջ Մուրսիի համակիրներուն ծրագրած ցոյցերէն առաջ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ միասնականութեան եւ հաշտութեան կոչ ուղղեց:

Բանակը կոչ ուղղեց մերժելու «վրէժխնդրութիւն»-ը, որպէսզի կարելի ըլլայ «ազգային հաշտութիւն իրագործել»:

Մինչ ապահովական մարմինները Իսլամ եղբայրներու ղեկավարներու ձերբակալման արշաւ մը շղթայազերծեցին, Եգիպտոսի զինեալ ուժերը շեշտեցին, որ «անհրաժեշտ է զգուշանալ որեւէ հատուածի կամ քաղաքական հոսանքի դէմ արտակարգ կամ կամայական որեւէ միջոցառումէ»:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ «զինեալ ուժերը կը հաւատան, որ եգիպտացի ժողովուրդի ներողամիտ բնաւորութիւնը եւ իսլամական անմահ արժէքները չեն կրնար ու պիտի չարտօնեն, որ մէկ ժողովուրդի հատուածներուն միջեւ կռիւներ կամ վրիժառութիւններ տեղի ունենան, ներառեալ` կուսակցական կեդրոնատեղիներու եւ հասարակական կամ սեփական ինչքերու դէմ մերժելի յարձակումները»:

Հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ «խաղաղ ցոյցի եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը բոլորին համար երաշխաւորուած է», սակայն աւելցուց, որ «այդ իրաւունքի օգտագործման անտեղի կերպով չափազանցումը եւ անոր ընկերակցող ժխտական երեւոյթները հասարակական խաղաղութեան ու ազգային շահերուն վտանգ կը ներկայացնեն եւ (Եգիպտոսի) ապահովական ու տնտեսական վիճակին վրայ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնազրկումը «զինուորական յեղաշրջում մը չէ»` յոյս յայտնելով, որ այդ մէկը Գահիրէի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ռազմավարական յարաբերութեանց վրայ ժխտականօրէն չազդէ:

Ամրօ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յոյս յայտնեց, որ ամերիկացիք Եգիպտոսի մէջ կացութիւնը «ճիշդ ձեւով» հասկնան:

Ամրօ նաեւ նշեց, որ Քերրի Մուրսիի պաշտօնազրկումէն ետք Եգիպտոսի մէջ մարդկային իրաւանց կացութեան նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնած է, սակայն ինք վստահեցուցած է, որ Մուրսիի կամ անոր համակիրներուն դէմ «որեւէ մեկուսացում կամ քաղաքական վրիժառութիւն տեղի պիտի չունենայ»:

Մինչ այդ, Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր Մուսթաֆա Հիժազին նշանակեց քաղաքական հարցերով նախագահի խորհրդական, իսկ Ալի Աուատ Սալեհը` սահմանադրական հարցերով նախագահի խորհրդական:

Միւս կողմէ, անծանօթ զինեալներ յարձակում գործեցին Արիշի օդակայանին դէմ եւ ծանր զէնքերով բուռն բախում ունեցան եգիպտական բանակին հետ: Շէյխի, Զուէյտի, Ժուրայի, Ապու Թաուիլէի, Մասուրայի, Ապահովական ուժերու զօրանոցի եւ Կեդրոնական ապահովութեան զօրանոցի շրջաններուն մէջ բանակի դիրքերը եւս անծանօթ զինեալներու կողմէ բուռն հրացանաձգութեան ենթարկուեցան:

Սինայի թերակղզիին մէջ տիրող ապահովական կացութեան լոյսին տակ, եգիպտական իշխանութիւնը Կազայի հետ Ռաֆահի անցքը «անորոշ թուականով» երկու ուղղութիւններով փակեց:

Ափրիկեան Միութիւնը երէկ առկախեց Եգիպտոսի անդամակցութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )