Ապրայի Մէջ Ահմետ Ասիրի Հետեւորդները Կը Խոշտանգեն Լրագրողները

Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին մէջ կատարուած ուրբաթ օրուան նամազէն ետք, Ահմետ Ասիրի հետեւորդները բարկացած դուրս եկան մզկիթէն եւ խոշտանգեցին հոն գտնուող լրագրողները, ինչպէս նաեւ քանդեցին պատկերասփիւռի կայաններուն յատուկ ուղղակի սփռման ինքնաշարժները:

Ասիրի հետեւորդները Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթէն դուրս եկան եւ ուղղուեցան Ահմետ Ասիրի «ապահովական խարիսխ»-ը, ուրկէ անոնք բողոքի ցոյց մը կատարեցին դէպի Մաքսար Ապըտի հրապարակը:

Ցուցարարները կը բողոքէին Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին մէջ նամազին ընթացքին մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ապու Զէյտի կողմէ Ահմետ Ասիրի անունը չնշելու իրականութեան դէմ:

Ապա անոնք ուղղուեցան Պահաէտտին Հարիրիի անուան մզկիթը` կատարելու համար նամազը:

Բանակը արգիլեց լրագրողները Մաքսար Ապըտի հրապարակ մօտենալէ եւ Ապրայի ու ամբողջ Սայտայի մէջ դիմեց ապահովական խիստ միջոցառումներու` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )