Թրքական Լոպին Կը Փորձէ Ժընեւի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Տեղափոխումը Ապահովել

«Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, որ թրքական կողմը ՄԱԿ-ի վրայ ազդելու միջոցով կը փորձէ հասնիլ Ժընեւի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի տեղափոխման:

Թրքական կողմը յուշարձանի տեղադրման աշխատանքները դադրեցնելուն ուղղուած լոպիինկ կը կատարէ: ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին ներկայացուցիչները միջամտած են եւ զուիցերիական իշխանութիւններէն խնդրած կանխարգիլել յուշարձանի տեղադրումը: Ներկայիս իշխանութիւնները կը քննարկեն յուշարձանի տեղափոխման կարելիութիւնը:

Զուիցերիական «Նէօ Ցիւրիխըր Ցայթունկ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած Մարքուս Հեֆլիկըրի յօդուածին մէջ կ՛ըսուի, որ Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան ղեկավարը հանդիպում ունեցած է Ժընեւի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սամի Քանաանի հետ եւ նախագիծին վերաբերեալ իր առաջարկները ներկայացուցած:

Ան Քանաանի ըսած է, որ «ընդհանուր քարտուղարը սկզբունքով դէմ չէ յուշարձաններուն, սակայն դէմ է Ազգերու պալատին դրացնութեամբ անոր տեղակայման»: Ըստ անոր, պատճառը միջազգային կազմակերպութեան մէջ զանգուածային կոտորածներու որակաւորման վերաբերեալ վէճն է:

Յուշարձանը պէտք էր կանգնեցուէր «Արիանա» այգիի տարածքին մէջ, որ կը գտնուի ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան դրացնութեամբ: Յուշարձանի տեղադրման մասին որոշումը որդեգրուած էր 2008-ին:

«Նէօ Ցիւրխըր Ցայթունկ» կը նշէ, որ ինչպէս միշտ, երբ հարցը հայկական հարցին վերաբերեալ կ՛ըլլայ, թուրքերը ուժեղ ճնշում կը սկսին գործադրել եւ ոչ միայն ՄԱԿ-ի վրայ:

Ըստ շարք մը աղբիւրներու, Թուրքիա բողոք ներկայացուցած է նաեւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան:

Այսպիսի ճնշումի մը բախելով` Ժընեւի քաղաքային իշխանութիւնը որոշած է վերատեսութեան ենթարկել հարցը: Կը քննարկուին բոլոր կարելիութիւնները, բայց եւ այնպէս, յուշարձանի վայրի տեղափոխումը «բարդ» կը թուի:

Ըստ լրագրողներուն, հայկական լոպին եւս կը բարձրացնէ ճնշումը: Հայաստան-Զուիցերիա խորհրդարանական խումբը նամակ գրած է քաղաքային իշխանութիւններուն` նշելով, որ ՄԱԿ-ի շէնքի կողքին յուշարձանի տեղակայումը լաւագոյն տարբերակն է, որովհետեւ այդ յուշարձանի ուղերձը համընդհանուր է: Անիկա կը խտացնէ «20-րդ դարուն մէջ մարդկութեան դէմ կատարուած բոլոր յանցագործութիւնները»:

Հրէական եւ քրտական կազմակերպութիւնները եւս իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են հայերուն:

Յուշարձանը կազմուած է փողոցի ինը լապտերներէ, որոնց լամբերը փոխարինուած են պողպատէ արցունքներով: Հայաստանի մասին յիշատակումը ակնյայտ պիտի ըլլայ, որովհետեւ անոնց վրայ հայերէն գրառումներ պէտք է ըլլան, թէեւ Թուրքիոյ մասին ոչինչ կայ եւ «ցեղասպանութիւն» բառը եւս ոչ մէկ տեղ կ՛երեւի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )