Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան Պոլսոյ Վարչութիւնը Սանասարեան Խանը Աճուրդի Միջոցով Վարձու Կու Տայ

Պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Ռոպեր Քոփթաշ «Ակօս»-ի 5 յուլիսի թիւին մէջ լոյս տեսած իր «Պաշտպանենք կտակը» խորագիրով յօդուածին մէջ կը հաղորդէ, որ անցեալին պետութեան կողմէ Թուրքիոյ հայ հասարակութեան բռնագրաւուած կարեւորագոյն կալուածներէն Սանասարեան Խանը, հակառակ շարունակուող դատավարութեան, աճուրդի միջոցով վարձու կը տրուի:

Թուրքիոյ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Պոլսոյ առաջին շրջանային վարչութիւնը այդ առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարած է պետական պաշտօնաթերթին եւ ծանուցած, թէ աճուրդի թուականն է 18 յուլիսը:

Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանը Սիրքեճի թաղին մէջ գտնուող Սանասարեան Խանի սեփականութիւնը վերստանալու համար դատ բացած էր Պոլսոյ 13-րդ Հիմնական իրաւարար ատեանին մէջ:

Քոփթաշ կը նշէ, որ «հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը եղող այս կալուածը յափշտակելու առաջին փորձը տեղի ունեցաւ 1915-ին` Օսմանեան պետութեան շրջանին: Այս ընթացքը զանազան ետ ու առաջ քայլերով շարունակուեցաւ մինչեւ 1935, երբ ի վերջոյ օրէնքը յարմարեցուցին իշխանութեան կամքին»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )