Պաքու Պիտի Այցելէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը

Լէոնիտ Քոժարա

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Էլման Ապտուլայեւ լրատուամիջոցներուն յայտնեց ,որ 7-8 յուլիսին Ազրպէյճան պիտի այցելէ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա:

Ապտուլայեւ յայտնեց, որ բանակցութիւններու գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, պիտի քննարկուին նաեւ ԵԱՀԿ-ի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան, Ուքրանիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )