Պրազիլցի Փաուլինիօ Կրնայ Միանալ Թոթենհամի

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պրազիլցի միջնապահ Փաուլինիօ ընդունած է Թոթենհամէն իրեն եկած առաջարկը եւ կրնայ միանալ «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմին` Քորինթիանսէն, նախքան 2013-2014 տարեշրջանը:

Քորինթիանսի հետ 167 մրցումի ընթացքին 34 կոլ նշանակած Փաուլինիօ բաւական լաւ ներկայացում կատարեց իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ` Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին:

Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, 24 տարեկան պրազիլցիին փոխանցումը անգլիական ակումբին պիտի արժէ 20 միլիոն եւրօ:

Նշենք, որ Պրազիլի հետ տիտղոսին տիրանալէ բացի, ան վերոնշեալ մրցաշարքին պրոնզ մետալի տիտղոսին տիրացաւ լաւագոյն մարզիկի ընտրութեան գծով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )