Ֆութպոլիստներու Փոխանցումներ
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Նիքոլա Անելքա միացաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընի, բնականաբար բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք:
34 տարեկան Անելքա, որ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, շատ հաւանաբար այդ պայմանագիրը տարիով մը երկարաձգէ:
Նախապէս Արսենալի, Լիվըրփուլի, Մանչեսթըր Սիթիի, Պոլթընի եւ Չելսիի մաս կազմած Անելքա նախորդ տարեշրջանի աւարտին դարձաւ ազատ մարզիչ` Եուվենթուսի շապիկը կրելէ ետք:
Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆԻ վեթերան նախկին միջնապահ Մասսիմօ Ամպրոսինի վերադարձաւ Իտալիա եւ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Սերի Ա.»-ի կազմերէն Ֆիորենթինայի հետ:
35 անգամ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած Ամպրոսինի մինչեւ 30 յունիս 2014 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ:
Նշենք, որ նախքան անոր փոխանցումը, Ֆիորենթինա իր կազմին միացուց Մարքոս Ալոնսոն (Պոլթընէն), Խուաքուինը (Մալակայէն) եւ Մարքօ Պաքիչը (Թորինոյէն):
ԻՏԱԼԻՈՅ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Տանիելէ Տէ Ռոսսի շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Չելսիի հետ:
Ըստ միջազգային մամուլին, երկու ակումբներուն պատասխանատուները հանդիպում ունենալով իրարու հետ քննարկած են այս հարցը:
Կը կարծուի, որ անոր փոխանցումը արժէ շուրջ 20 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ 29 տարեկան Տէ Ռոսսի Ա. Էս. Ռոմայի հետ 306 մրցումի ընթացքին նշանակած է 23 կոլ: