ՖԻՖԱ-ն Կախակայեց Քամերունը

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ Քամերունը կը կախակայէ միջազգային ֆութպոլէն` նկատի ունենալով, որ քաղաքական միջամտութիւններ տեղի կ՛ունենան Քամերունի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ:

Նախքան այս հաղորդագրութեան հրապարակումը Քամերուն 15 վայրկեան առաջ ստացաւ 3 կէտ` նկատի ունենալով, որ Թոկոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին մրցակից կազմը դաշտ ներկայացուցած էր անօրինական մարզիկ մը (2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք):

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )