Մեր Առօրեայէն. Ո՞վ Է Օրինակելին

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

«Կը սաւառնէի» Դիմատետրի էջերուն մէջ եւ հանդիպեցայ ինծի ծանօթ ընտանիքի մը նկարին` հայր, մայր եւ զաւակներ: Այս ընտանիքին բարեկամներէն մէկը գրած էր նկարին տակ` «օրինակելի ընտանիք». այս տողը ինծի մտածել տուաւ, թէ ի՞նչ էր օրինակելին այս նկարին մէջ: Ինչո՞ւ օրինակելի, ի՞նչ բանէ օրինակ պէտք էր առնէինք: Արդեօք իրենց օրհնութիւննե՞րը` ընտանիք մը կազմելու, իրենց առողջութի՞ւնը: Հապա՞ եթէ ընտանիք մը հայրը կորսնցուցած էր, կամ ան հիւանդ էր եւ գործէն արձակուած, կամ ուրիշ ընտանիքի մը զաւակը թերաճ էր, իսկ մայրը քաղցկեղէ կը տառապէր, արդեօք այս ընտանիքը կը դադրէ՞ր օրինակելի ըլլալէ: Կամ ի՞նչ պէտք է մտածել ուրիշ ընտանիքի մը մասին, որ գաղթական ելած էր` կորսնցնելով տուն ու տեղ, գործ եւ ընտանիքի անդամ:

Շատ պարզ է, որ մարդ իր բնութեամբ կը հիանայ դիւրին, հեզասահ եւ առանց պայքարի ապահովուած կեանքերով եւ կը խուսափի բոլոր այն երեւոյթներէն, որոնք իրեն դժուար կը թուին, մտածել կու տան եւ խառն զգացումներ կը պատճառեն:

Եկէք` պահ մը այս դիւրին եւ մակերեսային կաղապարէն դուրս օրինակելին փնտռենք ուրիշ տեղ, փնտռենք եւ գտնենք օրինակելին այն տղամարդուն մէջ, որ որոշած է ամէն գնով գոյատեւել, փնտռենք զայն այն տոկուն եւ ժպտադէմ կնոջ մէջ, որ կը նետուի առօրեայ իր տաղտուկներուն մէջ` Աստուծոյ վստահելով եւ ամէն գնով մտադրած է յաղթական դուրս գալ իր դժուարութիւններէն:

Փնտռենք զայն այն հօր մէջ, որ Հալէպի իր տունն ու տեղը լքելով, գաղթական դարձաւ` իր ընտանիքի ապահովութիւնը շնորհելով: Չփնտռեց գործին տեսակը եւ պատուով իր զաւակներուն հացը ճարեց: Կամ այն մայրը, որ քաղցկեղէ կը տառապի, նստած է բժիշկին սպասման սենեակը եւ քաջաբար արդիւնքին կը սպասէ: Տակաւին ուրիշ մը, որ իր թերաճ զաւկին ձեռքէն բռնած` կը թակէ օժանդակութիւն տրամադրող բոլոր կառոյցներուն  դռները` դեղորայքի եւ դպրոցի ծախսերը ապահովելու անոր:

Արդեօք օրինակելին այն երիտասարդը չէ՞, որ մեծ զոհողութիւններով իր հիւանդ մօր եւ հօր հոգատարութիւնը ստանձնած է` մերժելով որեւէ օգնութիւն:

Օրինակելիին ու օրինակելի ըլլալու չափանիշները ինչպէ՞ս կը ճշդենք. եթէ մակերեսային եւ արտաքին տուեալները, հանգիստ կեանք ունենալը հիմք կը նկատենք, ուրեմն շատ անհեթեթ վիճակի մէջ ենք:

Օրինակելին պէտք է փնտռենք խորունկները նայելով, փնտռենք խորերը թափանցելով…

Իրապաշտ վիճակի մէջ ապրուած կեանքերը առանց տրտունջի նպատակ են, եւ ոչ թէ` դիւրին եւ անհեթեթ կեանքերը:

Կ՛ուզեմ ըսել բոլոր անոնց, որոնք այսօր նպատակի կամ վիճակի մը համար կը պայքարին, որ դո՛ւք էք, որ արժանի էք յարգանքի, դո՛ւք էք, որ արժանի էք դասեր քաղել տալու:  Մէկ խօսքով` դո՛ւք էք օրինակելին պարզապէս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )