Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Շաբաթ, 6 յուլիս 2013-ին, Լիբանանի թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող 9 կիսասարկաւագներ յատուկ արարողութեամբ սարկաւագ ձեռնադրուեցան:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ կատարեց ձեռնադրութիւնը:

Ընծայեալները հետեւելով իրենց ներկայացուցիչին` խարտաւիլակ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանին, ծնկաչոք բարձրացան խորան եւ առաջնորդ սրբազանէն խնդրեցին սարկաւագ ձեռնադրուիլ:

Սրբազան հայրը աջը դնելով իւրաքանչիւրին գլխուն աղօթեց եւ Աստուծմէ խնդրեց հովանաւորութիւն եւ շնորհ: Այնուհետեւ ձեռնադրելով ընծայեալ սարկաւագները անոնց շնորհեց «ուրար»` ծառայութեան ընթացքին իրենց ուսին կրելու համար:

Հայրական պատգամին առաջնորդ սրբազանը նշեց հետեւեալը.

«Սարկաւագութիւնը աստուածային շնորհ մըն է, որով կ՛օծուին այս ընծայեալները, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ 3 աստիճաններէն առաջինն է սարկաւագութիւնը, որուն նուիրեալները Աստուծոյ Ս. սեղանին ծառայելու պարտականութիւնը ունին:

«Իսկ ձեր ձեռնադրուելու խնդրանքը պատահական յանձնառութիւն մը չէ, այլ` զօրաւոր հաւատքի դրսեւորում: Կը մաղթեմ, որ մինչեւ մահ, մեծ հաւատքով եւ անշեղ ձեւով ծառայէք եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ «ուրար»-ը կրէք իբրեւ սրբութիւն»:

Այնուհետեւ իւրաքանչիւր ձեռնադրուած սարկաւագ բուրվառը յանձն առնելով խնկարկեց, աղօթեց եւ առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւնը ստացաւ:

Ձեռնադրութեան աւարտին շարունակուեցաւ Ս. պատարագը, որուն ընթացքին սպասարկութեան եւ ծառայութեան պաշտօնները ընծայեալ նոր սարկաւագները յանձն առին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )