Հինգշաբթի, 11 Յուլիսին. Կլորիա Նասըր Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

«Սարատար» հաստատութեան յատուկ հրաւէրով, միջազգային աթլեթ եւ աշխարհի տարածքին բազմաթիւ վազքի մրցումներու մասնակցող Կլորիա Նասըր պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը հինգշաբթի, 11 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հաստատութեան Էշրեֆիէի կեդրոնատեղիին մէջ (Շարլ Մալեք շրջան, Թապարիս շէնք 812, գետնայարկ):

Մամլոյ ասուլիսը մասնաւորապէս յատկացուած է Նասըրի արձանագրած յաջողութեան` Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզէն Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութ իր կատարած վազքին կտրելով 5000 քմ:

Սկսելով Ֆրանսայէն, ան յաջորդաբար հասաւ Գերմանիա, Աւստրիա, Մակեդոնիա, Ռումանիա, Պուլկարիա, ապա` բնականաբար Լիբանան:

Ան կը վազէր օրական 52 քմ, վեց օրերու վրայ, շաբաթ օրը յատկացնելով հանգիստի:

Նասըրին զօրակցելով եւ այս մամլոյ ասուլիսը կազմակերպելով` «Սարատար» հաստատութիւնը միշտ կ՛ուզէ ամէն տեսակի մարզաձեւերուն մէջ լիբանանցիներուն ունեցած յատկութիւններուն եւ բացառիկ տաղանդներուն քաջալերողը հանդիսանալ` առանց նիւթական շահ փնտռելու այս քաջալերանքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )