«Ուիլիըմ Ճոնզ»-ի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Յաղթեց Ճափոնի` 79-72 Արդիւնքով

Նախորդ շաբաթավերջին Թայփէի մէջ սկսաւ «Ուիլիըմ Ճոնզ»-ի պասքեթպոլի բաժակի միջազգային մրցաշարքը, որ պիտի աւարտի 14 յուլիսին:

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը երէկ արձանագրեց բաւական կարեւոր յաղթանակ մը` 79-72 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ճափոնը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 23-20, 43-41, 58-53 եւ 79-72:

Ժան Ապտել Նուր նշանակեց 25 կէտ եւ 5 ռիպաունտ, իսկ Ֆատի Խաթիպ` 18 կէտ, մինչ Ճափոնէն, ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քոսուքէ Թաքէուշի` 19 կէտ եւ 14 ռիպաունտ:

Նշենք, որ Լիբանան իր կատարած առաջին մրցումին 70-66 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թայփէ-Բ.էն: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 21-18, 39-25, 54-44 եւ 70-66:

Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 20 կէտ եւ 7 ռիպաունտ, իսկ Ժան Ապտել Նուր` 14 կէտ եւ 6 ռիպաունտ:

Թայփէ-Բ.ի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումէն Լիբանանէն կը բացակայէին Նետիմ Սայիտ եւ Լորըն Վուտծ` նկատի ունենալով, որ անոնք կը գտնուին Լիբանան` իրենց քաղաքացիութեան համար կարգադրութիւններ կատարելու համար: Երկու մրցումէ բացակայելէ բացի, անոնք պիտի բացակային յաւելեալ երեք մրցումով ալ:

Նշենք, որ այսօր, ժամը 14:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան կը մրցի Թայուան-1-ի դէմ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )