ԵՐԵՔ ՓԱՇԱՆԵՐԸ` ԻԲՐԵՒ «ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԽԱՄԱՃԻԿՆԵՐ»
Թուրքիոյ մէջ շատերու համար այսօր, մասնաւորաբար քաղաքական այժմու կացութեան լոյսին տակ, պատմութիւնը կը ծառայէ իբրեւ միջոց` արդարացնելու համար դէպքերն ու արարքները:
Ասիկա յատկապէս ճիշդ է, երբ հարցը կը վերաբերի վիճայարոյց քաղաքական հարցերու, ինչպէս` ժողովրդավարացումը կամ անցեալի հետ հաշտեցումը:
Այսպիսի հարցերէն մէկն է քաղաքական աւանդութիւնը, որ կը պնդուի, թէ ստեղծուած է թրքական քաղաքականութեան մէջ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կազմակերպութեան կողմէ, քաղաքական կազմակերպութիւն մը, որ 1908 թուականին օգնեց տապալելու սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ը, եւ վերածուեցաւ իշխող միակ ուժին, 1912-ին իր կազմակերպած եւ իրականացուցած զինուորական պետական հարուածէն ետք:
Թուրքիոյ ազատամիտ մտաւորականները, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական եւ պահպանողական քաղաքական դերակատարները ամէն յարմար առիթի կը սիրեն նշել, որ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կազմակերպութեան արկածախնդրութիւնը արտաքին քաղաքականութեան հարթութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ներքին քաղաքականութեան հակաժողովրդավարական կառավարման միջոցները այս երկրին մէջ քաղաքական զարգացումներու ընթացքը ճշդած պատմական երկու հիմնական ուղիներն են:
Այսպիսի մտածելակերպի վերջին օրինակներն են թուրք որոշ յօդուածագիրներու վերջերս հրապարակած հատուածները` հայերու տեղահանութեանց մասին:
Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կազմակերպութեան ցուցանիշը ներքին քաղաքականութեան մէջ իսկապէս խոստմնալից չէ: Այդուհանդերձ, ինչպէս որ վերջերս հրապարակուած յօդուածներ նշեցին, պնդել, թէ «երեք փաշաներ» (Էնվեր, Թալէաթ եւ Ճեմալ) մասնաւորաբար, «գերմանական խամաճիկներ» են, որոնց «արկածախնդրութեան» պատճառով Թուրքիա կայսրութիւն մը կորսնցուցած է, կամ` ատիկա միակ պատասխանատուն նկատել այն սխալ հասկացողութեան, թէ թուրքերը «շրջապատուած են թշնամիներով», դատարկ քլիշէներէ, նախանկարներէ բացի ոչինչ են:
Ես այդ առումով կը քննադատեմ թրքական խելացնորութիւնը, մտախտը, բայց պէտք է խոստովանիմ, որ այդ տարիներուն օսմանցիները իսկապէս շրջապատուած էին թշնամիներով: Փաստօրէն Ա. Համաշխարհային պատերազմի բռնկումին գլխաւոր պատճառներէն մէկը եղած է օսմանեան տարածքներու շերտումի, յօշոտումի մրցավազքը եւրոպական մրցակից կայսերական ուժերուն միջեւ: Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կազմակերպութեան անդամները գիտէին, որ պատերազմը ճակատագրական հարուած մը պիտի ըլլայ Օսմանեան կայսրութեան եւ անոնց գլխաւոր մտահոգութիւնը Ռուսիան էր:
Հաւասարակշռելու համար արդէն աւանդական դարձած հիւսիսէն եկող այս փորձանքը, սպառնալիքը, Օսմանեան կայսրութիւնը այսպիսով ձեռնամուխ եղաւ ներգրաւելու Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան:
Ճեմալ փաշա յուլիս 1914-ին Ֆրանսա իր այցելութեան ընթացքին կրկնեց Թուրքիոյ առաջարկը` երկու երկիրներու միջեւ դաշինքի վերաբերեալ: Ճաւիտ պէյ, որ Օսմանեան կայսրութեան ելեւմուտքի նախարարը եւ Բրիտանիոյ մօտիկ անձնաւորութիւն մըն էր, հաղորդակցութիւն ունեցաւ բրիտանացիներուն հետ` ճիշդ այս նպատակին համար:
Օսմանեան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Թալէաթ փաշայի, նոյնիսկ այցելեց Նիքոլայ Բ.ի, մայիս 1914-ին, ռուս ցարերու ամառնային պալատը, Խրիմի մէջ:
Թէեւ անոնք բոլորն ալ մերժուեցան: Թնճուկային, կնճռոտ դաշինքներու պատճառով ո՛չ Ֆրանսա, ո՛չ ալ Բրիտանիա կ՛ուզէին յանուն քայքայուող կայսրութեան մը համար յանձն առնել գերմանական ընդարձակումի դէմ հզօր դաշնակից Ռուսիան կորսնցնելու հաւանականութեան վտանգը: Միւս կողմէ, Ռուսիա չէր ուզեր կորսնցնել, ինչպէս իրենք կ՛ըսէին, «թրքական կարկանդակը»:
Իսկապէս գաղտնի ներգրաւուածութիւնը դաշնակիցներու, Անթանթքորտիալ (գլխաւորաբար` Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա), որ կրնայ օրինակել Ռեւալի հանդիպումը Էտուարտ Է.ի եւ Նիքոլայ Բ.ի միջեւ, 1908 թուականի ամրան, կարելի դարձուց պատերազմէն օսմանցիներուն դուրս մնալը: Միակ այլընտրանքային դաշինքը այն ատեն մնաց Գերմանիան: Վերջապէս, 12 յուլիս 1914-ին սուլթանը լիազօրեց մեծ վեզիրը, որպէսզի բանակցութիւններ վարէ Պերլինի հետ` ռուսական յարձակումէ մը կայսրութիւնը ապահովելու նպատակով: Յաջորդ համաձայնագիրը, ստորագրուած` 2 օգոստոս 1914-ին, պաշտօնապէս ուղղուած էր միայն Ռուսիոյ դէմ:
Կատարուած իրողութեամբ Էնվեր փաշայի, որ շատ տպաւորուած էր Թաննենպուրկի գերմանական յաղթանակով եւ չէր ուզեր կորսնցնել այդ հնարաւորութիւնը, օսմանցիները պատերազմի մտան Գերմանիոյ կողքին: Օսմանեան յարաբերութիւնները Գերմանիոյ հետ հեռու էին մեղրալուսնային ըլլալէ: Օրինակ, հակառակ Գերմանիոյ հետ համաձայնագիրին, նոյնիսկ Էնվեր փաշա նախաձեռնեց բանակցութեանց` Պոլսոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական կցորդին հետ, իբրեւ համակարգում, դասաւորում Օսմանեան կայսրութեան եւ դաշնակիցներուն միջեւ:
Ռուսիոյ մէջ 1917-ին տեղի ունեցած պոլշեւիկեան յեղաշրջումէն ետք, յարաբերութիւնները երկու դաշնակիցներու միջեւ աւելի պիտի վատթարանային: Պաքուի դէմ յարձակումի ժամանակ օսմանեան եւ գերմանական ուժերը նոյնիսկ բախում ունեցան Կովկասի մէջ: Ի դէպ, Գերմանիոյ հանդէպ օսմանցիներու կամ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կազմակերպութեան կարծիքը ճշգրտօրէն բացայայտուած է Թալէաթ փաշայի բառերով, դեսպան Հենրի Մորկընթաուի յուշերուն մէջ: Ընդգծելէ ետք, որ անոնք չեն ուզեր երկիրը դնել Գերմանիոյ ոտքին տակ, ան գրած է. «Մենք պիտի օգտագործենք Գերմանիան, որպէսզի մեզի օգնէ վերակառուցելու եւ պաշտպանելու համար երկիրը, մինչեւ որ մենք մեր սեփական ուժով կարենանք կառավարել զայն: Երբ այդ օրը գայ, մենք կրնանք 24 ժամուան ընթացքին մնաք բարով ըսել գերմանացիներուն»:
Այս մէջբերումիս նպատակն է պարզապէս յիշեցնել իմ սիրելի հայրենակիցներուս, պարզ, բայց հիմնական օրէնքը պատմագրութեան. «Պատմութիւնը վերլուծելու ատեն դուք կրնաք օգտագործել մարքսական, ազատական կամ այլ օրինակներ, առարկութիւններ, բայց պատմական իրադարձութիւնները պէտք չէ ձեր գաղափարախօսութեան համապատասխանող ձեւով մեկնաբանէք: Ասիկա բնաւ չ՛օգներ Թուրքիոյ` հաշտուելու իր անցեալին հետ: Բոլորին համար որեւէ քննութեան մէջ նախ եւ առաջ առանցքային պէտք է ըլլայ ազնուութիւնն ու պարկեշտութիւնը»:
Պատգամը հասկցուեցա՞ւ:
Ճ. ՃԵՄ ՕՂՈՒԶ
«Հիւրրիյէթ»