ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴՐՕՇԻ ՕՐ, ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՄՏԱՅԻՆ ՅՈԳՆԱԾՈՒԹԻՒՆ

«Արաբական գարունը» սկսած է աւելի դաժան պտուտահողմի վերածուիլ` ոչ միայն սպառնալով եւրոպական ապահովութեան, այլ նաեւ` հազարաւոր գաղթականներ նետելով Եւրոպայի դարպասներուն առջեւ:

Որոշ «մեծ» երկիրներ, ինչպէս` Ֆրանսա, կը պահանջեն, եթէ ոչ վերացումը, ջնջումը Շենկենի համաձայնութիւններուն, այլ գոնէ ատոնց վերատեսութեան ենթարկումը: Նաեւ այդ առնչութեամբ` բանակցութիւններ, որոնց կը մասնակցին ժողովրդավարութեանց եւրոպական ակումբներու որոշ առաջատար անդամներ` իբրեւ զօրակցութիւն «ժողովրդավարամէտ» ապստամբութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Լիպիոյ մէջ (ցարդ Հիւսիսային Ափրիկէի միակ երկիրը) եւ, Աստուած գիտէ, թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ:

Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով Թուրքիոյ նախարար Էկէմեն Պաղըշ կատակեց. «Եթէ այս բոլոր տասնամեակներէն ետք, մենք Եւրոպական Միութեան դռներուն առջեւ հասնելէ ետք, եթէ այդ զամբիւղը չմտնենք, ապա մենք կրնանք քալել Եւրոպական Միութեան օդապարիկին վրայ եւ պնդել թէ Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութիւնը աւելի բարձր կ՛ըլլայ»:

Աւելի մեղմ ձեւով ըսելու համար, Յունաստանի եւ Փորթուգալի տնտեսական վատ վիճակը, եւրոպական բարձրաստիճան, երէց դիւանագէտներու կողմէ կը նկարագրուի իբրեւ «Եւրոպական Միութեան կոպիտ վայրէջքի նախանշաններ» այն օրերուն, երբ Եւրոպական Միութիւնը նշեց Եւրոպայի օրը, կամ` դրօշի օրը, կամ ալ` տարեդարձը 9 մայիս 1950-ի Շումանի հռչակագիրին, որ տուաւ մեկնարկը Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ պողպատաձուլումի եւ ածուխի արդիւնաբերութեան միացումին, եւ ատով իսկ հարուածը տրուեցաւ գնդակին, որ ի վերջոյ դարձաւ այսօրուան Եւրոպական Միութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնը Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան եւ միասնականութեան համար մշակուած նախագիծ մըն է, եւ իբրեւ այդպիսին` եղած է յաջողութեան պատմութիւն մը` սկսեալ այն օրէն, երբ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ պողպատի եւ ածուխի արդիւնաբերութեան մարզերու միացումը:

Հին ցամաքամասին համար, որ նոր դուրս եկած էր Բ. Համաշխարհային քանդիչ պատերազմէն, Եւրոպական Միութեան հոլովոյթը եղած է այն մէկը, որ յաջողութեամբ ստեղծած է խաղաղութեան եւ հանդարտութեան, անխռովութեան գօտի եւ, հակառակ տառապանքներու, աննախընթաց ընթացիկ աճ եւ ընկերային յառաջընթաց:

Ծերացող բնակչութիւն, աւելի ծանր եւ դժուար համաշխարհային մրցակցութիւն, անվտանգութեան բազմացող սպառնալիքներ եւ մասնաւորաբար արաբական փողոցին մէջ վերջին խնդիրները կը շեշտեն Եւրոպայի համար Թուրքիոյ անհրաժեշտութիւնը եւ Թուրքիոյ համար Եւրոպական Միութեան անհրաժեշտութիւնը` քաղաքական, ընկերային եւ անշուշտ ռազմավարական շարք մը նկատառումներով:

Արդարեւ, Թուրքիա ցարդ յաջողած է բանալ անդամակցութեան շուրջը բանակցութիւններու 35 գլուխներէն 13-ը: Անհրաժեշտ է, որ ամբողջանայ լիարժէք անդամակցութեան բանակցութիւններու հոլովոյթը, որպէսզի հասնի այն օրը, երբ վերջնական որոշում տրուի, թէ արդեօ՞ք երբեւէ պիտի արտօնուի Թուրքիոյ դառնալ եւրոպական ակումբի ոչքրիստոնեայ առաջին անդամը:

Փաստ է, որ ոչ միայն Կիպրոսի խնդիրը կամ որոշ պայմաններ` կապուած կա՛մ քրտական հարցին, կա՛մ Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ երկրագործութեան չափին ու տեղին, կա՛մ ալ պարզապէս այն թրքական մտատանջութեան, որմէ կը տառապին Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կամ Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքել, եւ կամ ընդարձակման ճաշացուցակին մէջ վերջին 10 երկիրներու ներառման պատճառած «մարսողական» հարցերը, այս բոլորը կը խաղան կարեւոր դերակատարութիւն` Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցով Եւրոպական Միութեան թերահաւատութեան մէջ:

Թուրքիան Եւրոպական Միութեան մէջ տեսնելու մտատանջութիւնը կ՛արտացոլայ Թուրքիոյ մէջ:

Եւրոպական Միութեան հոլովոյթին թուրքերու աջակցութիւնը աննախընթացօրէն ցած մակարդակի իջած է վերջին տարիներուն, եւ այժմ թուրքերու ոչ միայն մէկ փոքր մասը կը հաւատայ, թէ Թուրքիոյ երբեւէ պիտի արտօնուի Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ, այլեւ Անգարայի կառավարութիւնը, որ բացի պարբերական հռետորութենէ, (թէ Թուրքիա ամուր կերպով յանձնառու է Եւրոպական Միութեան հոլովոյթին, եւ թէ օր մը ատիկա պիտի նուաճէ ի՛նչ ալ ընեն Մերքելն ու Սարքոզին կամ ինչ ալ արծարծուի Կիպրոսի առնչութեամբ) կառավարութիւնը այլեւս պարտաւոր չի զգար բարեկարգումները շարունակելու, որպէսզի Թուրքիան պատշաճեցնէ եւրոպական չափանիշներուն` մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի անհատական իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն:

Ակնյայտ է, որ որոշումը, թէ արդեօք Թուրքիա պիտի միանա՞յ Եւրոպական Միութեան, այդ որոշումը Թուրքիոյ ժողովուրդը չի կրնար ձգել ֆրանսացիներուն կամ գերմանացիներուն, եթէ, կամ` երբ, այդ որոշումը տալու օրը գայ: Քանի որ մենք այդ փուլին մէջ չենք, օգուտ չունի այժմ խօսիլը այդպիսի բարոյական հարցերու մասին:

Այժմ, անկախ այն բանէն, թէ ինչպէ՛ս կ՛աւարտի, Եւրոպական Միութեան` Թուրքիոյ հոլովոյթը պէտք է շարունակուի եւ ոչ միայն տնտեսական, ճարտարարուեստական, արդիւնաբերական, կամ երկրագործական չափանիշներով, այլեւ` ընկերային եւ անհատական չափանիշներով, ներառեալ այն մօտեցումով, որ Թուրքիա պէտք է եւրոպական չափանիշները գերազանցէ` նկատի առնելով մարդկային կեանքի տեւողութիւնը, առողջապահական սպասարկութիւնը, պետական ընկերային ծառայութիւնները եւ, բնականաբար, ազատութիւնները` եւ անոնցմէ գլխաւորաբար մտածելու եւ մամլոյ ազատութիւնը, որոնք կը կազմեն ողնայարը ժողովրդավարական կառավարման, որ իսկապէս ողնասիւնն է ամբողջ Եւրոպական Միութեան հայեցակարգին, մտապատկերին: Այդպէ՛ս պէտք է գործել, եւ ո՛չ յուսահատեցնել Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը` անյարմար յայտարարութիւններով: եւ պատճառ դառնալով, որ բարեկարգումներու հոլովոյթը երկրորդական նկատուի, եթէ ոչ` ամբողջովին լքուի, ինչպէս որ պարբերաբար կը կատարուի այս երկրին մէջ:

Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացին շնորհիւ այս երկիրը խոշոր քայլեր առած է իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ընդարձակման, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքայիններու կողմէ քաղաքականութեան մշակման մարզերուն մէջ:

Եթէ նոյնիսկ Եւրոպական Միութիւնը զգուշանայ, խորշի Թուրքիայէն, կամ յստակ դառնայ, որ Թուրքիոյ բնաւ պիտի չարտօնուի միանալ Եւրոպական Միութեան, այս հոլովոյթը պէտք է շարունակուի, որպէսզի եթէ վերջ դրուի երկրին վրայ զինուորական հակակշիռին, անոր տեղ քաղաքայիններու հատուածի մը բռնատիրութիւնը  չհաստատուի:

Դժբախտաբար այս երկրին մէջ շատեր սկսած են զարգացնել այն մտավախութիւնը, թէ 12 յունիսի ընտրութիւններէն ետք Թուրքիա հաւանական է, որ երթայ դէպի միապետութիւն:

ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԱՆԼԸ

«Հիւրրիյէթ»

Share this Article
CATEGORIES