Յովհաննէս Կիւրիւնեանի Յիշատակին

Ցաւող սրտով, արցունքոտ աչքերով եւ դողդոջուն ձեռքերով կը գրեմ այս տողերը:

Արդէն տարի մը անցած է այն ցաւալի թուականէն, որ քեզ ֆիզիքապէս խլեց մեզմէ, սակայն յիշատակդ վառ կը մնայ մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:

Ամէն տեղ, ամէն անկիւն, տունը, խանութը եւ ճամբաները քեզ կը փնտռենք, յոյսով, որ պիտի տեսնենք, հանդիպինք, բայց ափսո՜ս:

Թոռնիկներդ Ռիթան եւ Վարդանը, Նարէն եւ Յովսէփը, Սէրուժը եւ Լոռին, Ժան Փոլը յաճախ կ՛ըսեն` «Յովակ տէտէին կարօտցանք»: Իսկ եօթը ամսուան Քրիստը աչքերը սեւեռած պատկերիդ` երկար կը դիտէ, կարծես ըսել կ՛ուզէ` «Ինչո՞ւ իմ ծնունդս չսպասեցիր, զիս ալ գրկէիր, սիրէիր, խաղցնէիր. բայց ես ալ քեզ զարմիկներուս պէս շատ կը սիրեմ, իմ անուշիկ Յովակ տէտէս»:

Սիրեցիր ընտանիքդ, կինդ, զաւակներդ փեսաներդ ու հարսերդ, մեծ երջանկութիւնդ եղան սիրասուն թոռնիկներդ:

Սիրեցիր նաեւ մեծ ընտանիքդ` հայ ազգը.

Ծառայեցիր հայ եկեղեցւոյ իբրեւ թաղական ատենադպիր. Ս. Վարդանանց եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու:

Ծառայեցիր հայ դպրոցին` իբրեւ հոգաբարձու ատենադպիր, ազգային Նուպարեան վարժարանին 9 տարեկանէդ անդամակցած ես «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութեան, աւելի ուշ ատենապետի պաշտօն վառած ես նոյն միութեան մէջ եղար կուսակցական` ՀՅԴաշնակցութեան եւ ծառայեցիր «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին երկար տարիներ:

Քու նուիրուածութենէդ անբաժին չմնաց նաեւ հայրենիքդ, փոքր լումաներովդ օժանդակեցիր հայրենիքի բարգաւաճման եւ զարգացման:

Վարձքդ կատար, իմ աննման հայրս, հողը թեթեւ գայ:

Քեզ շատ սիրող`
անդրանիկ զաւակդ
ՄԱՐԱԼ ԿԻՒՐԻՒՆԵԱՆ-ԻՐԱՏԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )