Մուսաուի Հերքեց Պաշտպանութեան Նախարարէն Եւ Սպաներէն Ժողովը Լքելու Իր Պահանջին Մասին Լուրերը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի երէկ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանի նիստին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընէն եւ բանակի սպաներէն պահանջած է լքել ժողովը:

Մուսաուի շեշտեց, որ Սայտայի մէջ Ահմետ Ասիրի երեւոյթը օժանդակած է սադրանքներու մթնոլորտի ստեղծումին` աւելցնելով, որ բանակը Սայտան եւ Լիբանանը փրկած է համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներէ, որոնք նախապատրաստուած էին:

Նաուաֆ Մուսաուի խստիւ դատապարտեց այն յայտարարութիւնները, թէ Հըզպալլա մասնակցած է Սայտայի բախումներուն:

Մուսաուի նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին զօրակցելու լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարութեան, որովհետեւ անոնց շնորհիւ է, որ կարելի եղաւ երկիրը փրկել սադրանքներէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )