Հրիսթէա. «Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Բանակցութիւնները Նոր Թափ Ստացած Են»

Թրայան Հրիսթէա

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայան Հրիսթէա Եւրոպական Միութեան խորհրդատուական խմբակի խորհուրդին երէկ տեղի ունեցած հերթական 13-րդ նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընկերակցութեան համաձայնագիրի եւ Խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները նոր թափ ստացած են:

Հրիսթէա յայտնեց, որ Շթեֆան Ֆիւլէի Հայաստան այցելութիւնը նոր թափ հաղորդեց Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ արդէն իսկ աշխուժօրէն ընթացող երկխօսութեան եւ համագործակցութեան: Ըստ անոր, այցելութիւնը վերստին ցոյց տուաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է օժանդակելու եւ խթանելու Հայաստանի մէջ իրականացուող համապարփակ բարեփոխումները:

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան իր կարգին նշեց, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները վերջին շրջանին աշխուժօրէն կը զարգանան:

«Վերջերս ստորագրուած են այցեգիրերու դիւրացման եւ վերընդունման մասին համաձայնագիրները, ինչ որ չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի Հայաստանի քաղաքացիներուն համար», յայտնեց Բաղդասարեան:

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ընդգծեց, որ յաջողութեամբ կ՛ընթանան Խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, դրական զարգացումներ արձանագրուած են ապահովութեան, արդարադատութեան, ազատութեան մարզերուն մէջ:

Ան նշեց, որ Ֆիւլէի այցելութեան ժամանակ արձանագրուեցաւ, որ էական յառաջընթաց կայ եւ մօտեցած ենք 28-29 նոյեմբեր 2013-ին Վիլնիուսի մէջ նախաստորագրելու Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, հետեւաբար խորհրդատուական խմբակը մեծ աշխատանքներ ունի կատարելիք յառաջիկային:

Բաղդասարեանի եւ Հրիսթէայի համանախագահութեամբ տեղի ունեցած նիստին մասնակցած են բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Հայաստանի նախագահի գրասենեակէն, կառավարութենէն եւ Ազգային ժողովէն, ներկայացուցիչներ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դեսպանատուներէն, միջազգային կազմակերպութիւններէն եւ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )