ՀՅԴ-ն Ձեռնամուխ Կ՛ըլլայ «Հրաչ Մուրադեան. Արդարութեան Պահանջ» Հասարակական Շարժումի Ստեղծման

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

ՀՅ Դաշնակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց, որ Պռօշեանի նախկին գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը բացայայտելու համար ՀՅԴ-ն ձեռնամուխ եղած է «Հրաչ Մուրադեան. արդարութեան պահանջ» անուանումով հասարակական շարժման ստեղծման:

Ըստ Աղուան Վարդանեանի, իրենց պէտք չէ, որ անմեղ մարդիկ դատապարտուին իրենց չկատարած յանցանքին համար:

«Հրաչ Մուրադեան իսկական ազատամարտիկ էր, տեղական ինքնակառավարման մարմինի ղեկավար, հանրային ծառայող: Ան իր ապրելակերպով իր երկրին, իր պետութեան, իր գիւղի բնակչութեան նուիրուած անձնաւորութիւն էր: Այս սպանութեան բացայայտումը պէտք է ըլլայ իրաւապահ մարմիններու անմիջական գործը», յայտարարեց ան: Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կուսակցական չէ, այլ պիտի ընդգրկէ հասարակութեան լայն շրջանակներ, նաեւ` իրաւապաշտպաններ:

«Մենք նպատակ ունինք շարժման այս ձեւաչափով հետեւողականօրէն պահանջել, որ իսկապէս այս ոճիրը բացայայտուի: Մեր նպատակն է նաեւ ներկայացնել Հրաչ Մուրադեանի կերպարը», տեղեկացուց Վարդանեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ընդգծեց, որ իրաւական համակարգին նկատմամբ վստահութիւն պիտի ըլլայ միայն այն ժամանակ, երբ ոճիրը ամբողջովին բացայայտուի եւ բոլորը վստահ ըլլան, որ կատարողները պատժուած են: Վարդանեան շեշտեց, որ նկատի առնելով երկրին մէջ տիրող իրավիճակը եւ բարքերը, պէտք է հետեւողականօրէն պայքարիլ:

Կիրակի օր արդէն տեղի պիտի ունենան Պռօշեանի մէջ գիւղապետի ընտրութիւնները, կան բազմաթիւ ահազանգներ եւ, ըստ Աղուան Վարդանեանի, իրենք փորձած են ամէն ինչ ընել, որպէսզի Պռօշեանի մէջ բնականոն ընտրութիւններ տեղի ունենան եւ լարուածութիւնը թուլանայ: Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան գործով տուժողի իրաւայաջորդի ներկայացուցիչ, փաստաբան Մելանիա Առուստամեան` սպանութեան գործի նիւթերուն ծանօթանալով, յայտարարեց, որ այդ սպանութիւնը Հրաչ Մուրադեանի գոյքի, անձի, անոր հարազատներուն դէմ ուղղուած դիտաւորեալ յանցագործութիւններուն վերջին օղակն էր:

Լրագրողներուն խնդրանքով Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ նաեւ Դաշնակցութեան եւ վարչապետին շուրջ ծաւալած վերջին խօսակցութիւններուն:

Ան ընդգծեց, որ եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հարցազրոյցը, որուն յաջորդեց վարչապետին արձագանգը, եւ յորդորեց այսքանով բաւարարուիլ:

«Ձեր վերլուծումները, ձեր գնահատականները քննարկեցէք այս երկու յայտարարութիւններուն հիման վրայ, աւելցնելիք ոչինչ ունիմ: Եթէ դուք ուշադիր կարդաք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի հարցազրոյցը եւ ուշադիր կարդաք վարչապետին կարճ արձագանգը, կը կարծեմ դուք ամէն ինչ կը հասկնաք», նշեց Աղուան Վարդանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ՀՅԴ ղեկավար մարմիններուն մէջ փոփոխութիւն կարելի՞ է, Աղուան Վարդանեան արձագանգեց, որ կարելի է, որովհետեւ ՀՅԴ-ն ապրող, կենդանի կառոյց է եւ բաղդատմամբ շատ շատերուն առողջ կառոյց է, ուր անընդհատ քննարկումներ, տեսակէտներու բախումներ տեղի կ՛ունենան, միտքեր կը յառաջանան, եւ այսօր Դաշնակցութեան համար իսկապէս այդպիսի շրջան է: «Ուզենք, թէ չուզենք, անկախ ընտրութիւններուն տրուած մեր գնահատականներէն, մենք հարցեր ունինք, երեք ընտրութիւններու ընթացքին մեծ հաշուով մենք ձախողած ենք եւ բնական է, որ մենք կը քննարկենք մեր ներքին հարցերը: Մէկ կողմ ձգենք մեր ընտրութիւններու բնոյթը, ընտրակաշառքը, վարչական միջոցներու օգտագործումը, բայց որոշ բան սխալ է մեր մօտ, մենք որոշ բաներու մէջ թերացած ենք: Մենք քննարկումներու մէջ ենք եւ անոնք առողջ քննարկումներ են: Ո՛չ առաջին օրն է, ո՛չ ալ վերջին, որ կը փորձեն Դաշնակցութեան մէջ պառակտումներ, բաժանումներ տեսնել, հանգիստ եղէ՛ք, որեւէ հարց մի՛ տեսնէք այստեղ»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )