«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Լիբանանի 36-րդ Միջազգային Ռելին` 5-8 Սեպտեմբերին

Ռոժէ Ֆըղալիի ինքնաշարժը

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ հովանաւորութեամբ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, յառաջիկայ 5-8 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 36-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:

Արձանագրութիւնները, որոնք արդէն իսկ սկսան 8 յուլիսին, կ՛աւարտին 23 օգոստոսին:

Բնականաբար տիտղոսին համար պայքար մղողները միշտ պատրաստ են գրաւելու առաջնակարգ դիրքերը եւ բարելաւելու իրենք զիրենք` ընդհանուր դասաւորման մէջ:

Նշենք, որ լիբանանցի Ռոժէ Ֆըղալի այս ռելիի տիտղոսին տիրացած է տասը անգամ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )