Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պատահականութեան ապաւինիլը ունի իր սահմանը: Ուրիշներու յաջողութիւնը ինքնաբերաբար չըլլար, ջանացէք կերտել ձեր ծրագիրը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Արձակուրդի մէջ ըլլալը չի նշանակեր յանձնուիլ անտարբերութեան: Կատարեցէք ձեր պարտականութիւնը` միշտ գործնական ձեւով եւ լրջութեամբ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ժամանակը չէ իւղոտ ու պարարտ ճաշեր ուտելու: Նախընտրեցէք թեթեւ ճաշերը, բանջարեղէն եւ պտուղ օգտագործեցէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարգ մը գործեր իրաւունք ունին իրագործուելու, բայց պէտք է միշտ նկատի ունենաք անոնց պատճառը եւ վարուեցէք խոհեմութեամբ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանիքի մէջ ուշադիր եղէք իւրաքանչիւր անդամի զգայնութեան: Լուրջ վերաբերումը համաձայնութիւն եւ սէր կը ստեղծէ: Յարգեցէք զիրար:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շատ գործեր ունիք կատարելու, բայց` առանց քանդելու դուք ձեզ: Կարեւոր է հանդարտ դասաւորուած կերպով աշխատիլը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ տարուիք ջղայնութենէ, ձեր ձայնը նկատի կ՛առնուի, երբ բարձրաձայն խօսիք դրական կամ ժխտական առումով: Հանդարտ եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր երազները պատմեցէք եւ վստահեցէք անձի մը, որ կարենայ օգտակար ըլլալ եւ իրականացնել ձեր երազները, ձեր բաղձանքը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կարգ մը հարազատներ պատրաստ են օգնելու ձեզի` ձեր առուծախը իրագործելու: Այդ մասին մտածեցէք եւ արտայայտուեցէք, գործի անցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կասկածներու ժամանակաշրջան մը կ՛ապրիք: Հարցումներ ուղղեցէք դուք ձեզի եւ դո՛ւք գտէք պատասխանը ձեր հարցումներուն:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հպարտութիւնը այս օրերուն ձեռնտու չէ ոեւէ մէկուն, նաեւ` Ձեռք երկարեցէք առ որ անկ է, որպէսզի կարենաք օգտուիլ եւ յաջողիլ: Օրը լաւ է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Տնտեսութիւնը կարիքը ունի հսկողութեան: Ուշադիր եղէք գէշ անակնկալներու: Ձեր դրամին արժէքը գիտցէք, որպէսզի նիւթական նեղութեան չմատնուիք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )