«Չկայ Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Նախկին Փոխադարձ Վստահութիւնը» Կ՛ըսէ Մոտեսթ Քոլերով

Ռուս յայտնի քաղաքագէտ, «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան նախագահ Մոտեսթ Քոլերով համոզում յայտնած է, որ Հայաստան միանշանակ արդէն կատարած է իր ընտրութիւնը եւ ընտրած է եւրոպական համարկման ճամբան:

Ըստ Քոլերովի, ասիկա սոսկ քաղաքական որոշում է եւ տնտեսական առումով չի կրնար օգտակար դառնալ Հայաստանի համար, քանի որ եւրոպական շուկան բարդ վիճակի մէջ  է, հայկականն ալ շատ փոքր է: Բացի անկէ, ինչպէս Մաքսային միութեան անդամ երկիրներուն հետ` Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն հետ եւս Հայաստան ընդհանուր սահման չունի:

Քոլերով ընդգծած է, որ սխալ է այն կարծիքը, թէ Հայաստան երկընտրանքի առջեւ է` Եւրոպական Միութի՞ւն, թէ՞ Եւրասիական միութիւն: Ան մանրամասնած է, որ Եւրասիական միութիւնը այսօր տակաւին գոյութիւն չունի, եւ Հայաստանին ալ ո՛չ այդ գոյութիւն չունեցող Եւրասիական միութիւն, ո՛չ ալ Մաքսային միութիւնը ոչ ոք տակաւին հրաւիրած է:

Քոլերով նշած է, որ նոյնիսկ եթէ չեն ալ հրաւիրած, Հայաստանի բանակցութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ, դատելով ռուս փորձագէտի մեկնաբանութիւններէն, Մոսկուայի մէջ հանգիստ չեն ընդունած:

Քոլերով կը խօսի այն մասին, որ ընկերակցական անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները միայն սկիզբն են մեծ հոլովոյթին:

Ըլլալով, ըստ էութեան, Եւրասիական միութեան մաս կազմող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ եւ սկսելով բանակցութիւններ Եւրոպական Միութեան հետ` Երեւանը, ըստ ռո

Share this Article
CATEGORIES