Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արձագանգած Է Աղուան Յովսէփեանի Յայտարարութեան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուած իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ խորհրդաժողովի ժամանակ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի կատարած յայտարարութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ տեղ գտած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ թրքական պետութենէն պատմական հայկական տարածքները վերադարձնելու մասին յայտարարութիւնը անընդունելի է: «Թուրքիոյ հողերուն նկատմամբ Հայաստանի յաւակնութիւնները կը հակասեն այնպիսի միջազգային կազմակերպութիւններու սկզբունքներուն, ինչպիսիք են ՄԱԿ-ը եւ ԵԱՀԿ-ը, որոնց կ’անդամակցի Հայաստան: Պէտք է յստակ հասկնալ, որ ոչ ոք կրնայ տարածքային պահանջ ունենալ Թուրքիայէն», ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

5 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ համաժողովին ժամանակ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան անվիճելի համարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը կապուած է հատուցման հետ: Ան համոզուած է, որ ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգները պէտք է նիւթական հատուցում ստանան, հայ եկեղեցիին պէտք է վերադարձուին Թուրքիոյ տարածքին հրաշքով կանգուն մնացած եկեղեցիները եւ եկեղեցապատկան հողերը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ստանայ իր կորսնցուցած տարածքները եւ այլն:

Բայց այդ բոլոր պահանջները պէտք է ունենան անթերի իրաւական հիմնաւորումներ:

«Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման յուզական-բարոյական հարթութենէն պէտք է անցում կատարել դէպի իրաւական հարթութիւն: Այսինքն` այսօր ստեղծուած շրջանային եւ միջազգային բարդ իրավիճակին մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը անկարելի է լուծել առանց գիտականօրէն հիմնաւորուած իրաւական փաստարկներու: Թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ թէ՛ հայ-թուրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է ունենան անթերի միջազգային-իրաւական ապահովում: Եւ այդ բարդ խնդիրը կոչուած ենք իրագործելու մենք` հայ իրաւաբաններս», շեշտած էր Յովսէփեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժողովին կողմէ կազմակերպուած իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ համաժողովը կայացաւ 5-6 յուլիսին: Անոր մասնակցեցան մօտ 100 անուանի իրաւաբաններ Հայաստանէն, սփիւռքէն եւ Արցախէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )