Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէ – Մարզական Լրագրողներ Հանդիպում

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին կեդրոնատեղիին մէջ (Հազմիէ) տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը` Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին եւ մարզական լրագրողներուն միջեւ, իրարու միջեւ սերտ յարաբերութիւններ մշակելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն դուրս տեղի ունեցող միջազգային մրցաշարքերուն կամ ախոյեանութիւններուն ընթացքին Լիբանանի պատուիրակութեան մէջ ընդգրկելու համար լրագրողները:

Այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին նախագահ Ժան Համմամ:

Որոշուեցաւ յառաջիկային այլ հանդիպումներ եւս կայացնել երկու կողմերուն միջեւ եւ ամէն գնով իրարու հետ փոխյարաբերութիւնները զարգացնել, ինչ որ բնականաբար պիտի ըլլայ ի նպաստ Լիբանանի մարզական կեանքին եւ անոր շահերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )