Արարատի Վեթերանները Յաղթեցին Նախկին Խորհրդային Միութեան Կազմին

Շաբաթ, 13 յուլիսին, Երեւանի Միքա մարզադաշտին վրայ հաւաքուած էին Արարատի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան վեթերանները` ֆութպոլի բարեկամական մրցումով մը տօնելու Ալպերթ Սարգսեանի ծննդեան 50-ամեակը:

Արարատցիները մարզադաշտ ներկայացած էին կարմիր, իսկ նախկին Խորհրդային Միութեան վեթերանները` ճերմակ մարզահագուստով: Յատկանշական եղաւ այն, որ 2 խումբերուն մարզիկները դաշտ ներկայացան` իրենց մարզաշապիկին ետին գրուած 50 թիւը եւ Սարգսեան մականունը:

Թէեւ հիւր կազմը 13-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն Բաբգէն Մելիքեան 19-րդ վայրկեանին արդիւնքը հաւասարեցուց: Ապա, հայկական կազմին կոլերը նշանակեցին Ալպերթ Սարգսեան (29-րդ), Արամ Վարդանեան (51-րդ) եւ Արթուր Քոչարեան (52-րդ եւ 63-րդ):

Այսպիսով, արարատցիները նուէր մը եւս պարգեւեցին Ալպերթ Սարգսեանին` նախկին Խորհրդային Միութեան վեթերաններուն նկատմամբ 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:

Աւարտին, զրուցելով լրագրողներուն հետ, Ալպերթ Սարգսեան շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն` իր ծննդեան օրը ֆութպոլի իրական տօնի վերածելնուն համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )