Հայութեան Ծոցին Մէջ Օտարացած Հայեր

ՀԱՅՈՒՀԻ

Եղանակը ամառ է: Մեր վարժարաններէն ոմանք եւ միութենական կազմակերպութիւններ արձակուրդի օրերը հաճելի եւ օգտակար անցընելու համար կը կազմակերպեն ամառնային ժամանակաւոր «դպրոցներ»: Այս մթնոլորտին մէջ տեղի կ՛ունենան երաժշտական, մարզական, ձեռային աշխատանքներ: Կան նաեւ հայերէն դասընթացքներ` օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտներուն համար: Բազմաթիւ մայրեր, ծնողք կը փափաքին, որ ամառնային եղանակը անցնի օգտակար աշխատանքով, խաղերով, զուարճալի առօրեայով:

Ներկայ եմ հայկական-պատուական հաստատութեան մը մէջ, ուր կը սորվեցնեն վերեւ յիշուած դասերը: Հետաքրքրուած եմ ժիմնասթիքով: Աղջնակ մը արձանագրուած է արդէն նոյն հաստատութեան մարզանքի բաժանմունքի: Շուրջս կան արաբախօս մայրեր, որոնց մեծ մասը հայեր են: Կը մօտենամ ծանօթացման կարգով: Առաջին խօսակիցս հայ մայր մըն է, երիտասարդ, զաւակը քովն է եւ անոր հետ ֆրանսերէն կը խօսի: Կը զարմանամ…

Կողքիս նստած է ուրիշ մայր մը, տեղացի, որ ամուսնացած է հայորդիի մը հետ: Մայրը իր տեղական եւ եւրոպական լեզուները փոխանցած է իր զաւկին, հետեւաբար ոչինչ պիտի սորվի հայկական մթնոլորտէն: Մականունը հայկական է, այդքան…

Քիչ անդին կը տեսնեմ երիտասարդ մայր մը, որ արաբերէնով կ՛արտայայտուէր: Արաբ կարծեցի, ան մօտեցաւ գանձիչ երիտասարդին, որ արաբերէն կը խօսէր:

– Ես հայ եմ, հետս հայերէն խօսէ,- ըսաւ կինը գանձիչին, որ արաբերէն մականունը կը գրէր: Այս այլ խառն ամուսնութեան մէկ օրինակն է: Երբ լսեցի, որ հայուհի էր, մօտեցայ իրեն մասամբ ծանօթանալու:

– Տղայ մը ունիմ, որ քիչ մը հայերէն կը հասկնայ, որովհետեւ սորված է մօրաքոյրէն, բայց հետագային օտար վարժարանի մը մէջ այդ քիչ գիտցածն ալ մոռցաւ:

Նայեցայ իր աղջնակին, որուն հետ արաբերէն կը խօսէր: Սիրտս ցաւեցաւ, բայց ոչինչ ըսի: Նոյն ատեն կը փափաքէր, որ իր զաւակները հայերէն սորվին:

– Կրնաք հայկական հաստատութիւններ ղրկել, օրինակ, ունինք Համազգայինը, որ ՀՄԸՄ-Աղբալեան համալիրին յարկին տակ արուեստի վերաբերեալ, նաեւ այլ տեսակի դասեր կու տայ: Ձեր զաւակը կրնաք կիթառի դասընթացքի արձանագրել, փոխանակ օտար տեղ մը յանձնելու: Այսպիսով, ձեր փափաքը կ՛իրականանայ ձեր զաւակներուն հայոց լեզուն փոխանցելու: Սիրելի տիկին, մենք հիանալի մշակոյթ ունինք, կը զարմանամ, որ տեղեակ չէք մեր հաստատութիւններէն, մեր գաղութին ունեցած արժէքներէն:

Այս հայկական հաստատութիւնը լաւ գործ կատարած է` ձեռնարկելով օտար վարժարան յաճախողներուն հայերէն սորվեցնելու: Այսուհանդերձ, մեծ թիւ մը չեն անոնք: Քիչեր հետաքրքրուած են` խառն ամուսնութիւններ կատարած մեր աղջիկներէն եւ երիտասարդներէն, որոնք չեն զգար ջերմութիւնը հայու հոգիին:

Լիբանանի նման բազմաթիւ դպրոցներ ունեցող մեր գաղութին համար ափսոսանք մըն է հանդիպիլ Արա անունով հայորդիի մը օտար կնոջ: Մեղքցայ Արային, մեր պատմութեան արքային, որ մերժեց օտարուհի շամիրամներու սէրը, մնաց հայ:

Ե՞րբ պիտի զգաստանանք: Ինչպիսի՞ միջոցներու պէտք է դիմենք, որպէսզի այս գաղութին մէջ գոնէ հայը հայ ապրի…

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )