Գիտութիւն Եւ Մարդ. Երկար Կեանքի Մեր Անտեղի Մարմաջը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ ԱՒԵԼԻ ԵՐԿԱՐ Կ՛ԱՊՐԻՆ, ԲԱՅՑ` Ո՛Չ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ: ՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՎԱԽՆԱՆ ՄԱՀԷՆ, ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐ ԿԸ ԾԱԽՍԵՆ` ՄԱՀՈՒԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՌՈՂՋ, ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿԱՈՒՂՂՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԻ ՈՐՈՇ ՈՐԱԿ ՄԸ ԳԵՐԱԴԱՍԵԼԸ ՉԻ ՓՈԽԱՐԻՆԵՐ «ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ» ՁԳՏՈՒՄԸ: «ՏԻ ԱԹԼԱՆԹԻՔ» ԹԵՐԹԻ ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐ ՌԻՉԸՐՏ ԿԱՆՏԸՐՄԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՈՎ ՄԸ ՄԵԶԻ ԿԸ ՄՂԷ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ ՄՏԱԾԵԼՈՒ «ԼԱՒ ԱՊՐԵԼՈՒ» ՄԱՍԻՆ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Յուլիսի սկիզբը «Ճըռնըլ աֆ տի Ամերիքըն Մետիքըլ Ասոսիէյշըն» թերթին մէջ լոյս տեսած տուեալներ ցոյց տուին, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքի միջին համեմատութիւնը վերջին 20 տարիներուն բարձրացած է 3 տարիով եւ հասած է 78.2-ի: Այսինքն այսօրուան ամերիկացին միջին հաշուով 1100 օր աւելի երկար կ՛ապրի: Այսուհանդերձ, շատ լաւ լուր մը չէ ասիկա: Օրինակ, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն ետ մնալ աշխարհի այլ հարուստ երկիրներէն, ինչ կը վերաբերի առողջութեան, ներառեալ` սրտի հիւանդութիւններ, թոքի քաղցկեղ եւ շաքարախտ: Աւելի՛ն. նոյն ժամանակամիջոցին առողջ կեանքի միջին տեւողութեան ցուցակներու մէջ Միացեալ Նահանգներ 14-րդ մակարդակէն իջած են 26-րդ մակարդակ: Ինչպէս լրատու գործակալութիւն մը կը նշէ, «թէեւ աւելի երկար կ՛ապրինք, սակայն աւելի լաւ չենք ապրիր»:

Կեանքի միջին տեւողութեան վերաբերող վիճակագրութիւնները կարեւոր են, եւ ընդհանրապէս շատ ցանկալի է, որ միջոցներ գտնենք կանխարգիլելու համար անտեղի մահերը: Ոչ ոք պիտի ընդունէր անժամանակ մահը, մանաւանդ երբ այս գինը պիտի վճարէր պարզապէս ամէն օր շաքարով յագեցած քաղցրաւենիքներ սպառելով: Միւս կողմէ` «աւելի լաւ ապրելու» գաղափարը արժանի է լուրջ ուշադրութեան: Ի՞նչ ըսել կ՛ուզենք, երբ կ՛ըսենք, թէ մէկը լաւ կ՛ապրի կամ լաւ չ՛ապրիր:

Մրցակցութեան Սէր

Փորձութեան կը մղէ չափական թիւերով մէջքի հաստութիւնները, արեան մէջ շաքարի մակարդակը կամ քաղցկեղէ տառապելու վտանգները համեմատելը: Կը սիրե՛նք նման բաղդատութիւններու առաջնորդող մրցակցութեան ոգին: Օրինակ, մեզի համար հաճելի է մտածել, որ աշխարհի տարածքին ամէնէն աւելի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը ներկայացուին յայտնագործութիւններ շուկայ իջեցնելու արտօնագիրներու դիմումնագիրներ, ինչ որ կ՛արդարացնէ այն հաստատումը, թէ աշխարհի տարածքին ամէնէն աւելի Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնագործութիւններ կը կատարուին (իրականութեան մէջ Միացեալ Նահանգներ կը գրաւեն` 3-րդ դիրքը): Նոյնպէս ալ, մեծ գոհունակութիւն կը զգանք` մտածելով, թէ Միացեալ Նահանգներ ունին աշխարհի ամէնէն բարձր եկամուտով բնակիչներու թիւը (իրականութեան մէջ կը գրաւենք 5 – 10-րդ դիրքը): Մեր ազգային ժամանցներէն շատերը կ՛ընդգրկեն մարզական մրցաշարքեր, ուր կան յստակ յաղթողներ ու պարտուողներ: Մրցակցութեան այս սէրը կը շարունակուի մինչեւ հիւանդանոց եւ գերեզման:

Հետեւաբար, երբ մեզի կ՛ըսուի, թէ կանխահաս մահերը կանխարգիլելու մեր դիրքը 14-րդ մակարդակէն իջած է 26-րդ մակարդակի, կարծէք հարուած մը կը ստանանք: Կ՛ուզենք առաջին դիրք գրաւել կամ գէթ բարձրանալ մակարդակներու դասաւորումներուն մէջ: Անկախ կեանքի միջին տեւողութեան որեւէ բացարձակ մագլցումէ, անխուսափելիօրէն կը խռովինք, երբ ի յայտ կու գայ, թէ աստիճանաբար աւելի ետ կը մնանք: Ամէնէն աւելի կը վրդովեցնէ այն իրողութիւնը, թէ շատ աւելի աղքատ երկիրներ, ներառեալ` Չիլի, Փորթուգալ եւ Սլովենիա, իրականութեան մէջ շատ աւելի լաւ պատկեր մը կը պարզեն, ինչ կը վերաբերի իրենց քաղաքացիներուն մահացութեան համեմատութիւններուն: Իսկ կարգ մը ամերիկացիներ, օրինակ` անոնք, որոնք կ՛ապրին Ափալաչիոյ մէջ, իրականութեան մէջ պանկլատէշցիներէն աւելի առողջ չեն:

Առողջութիւնը Չի Գնուիր

Ի՞նչ է պատճառը: Հաւանական պատճառներէն մէկը այն է, թէ բաւարար դրամ չենք յատկացներ առողջութեան եւ առողջապահութեան: Սակայն դժուար է շարունակել այս վէճը, մասամբ որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ աշխարհի վրայ որեւէ երկիրէ աւելի կը ծախսեն առողջապահութեան մարզին մէջ. այսինքն` իրենց անմիջական մրցակիցներէն 50 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի: Եթէ առողջութեան ճամբան առողջապահութեան մարզին մէջ յաւելեալ գումարներ ծախսելն է, ապա Միացեալ Նահանգներ համեմատութեան նկատառելի տարբերութեամբ պիտի դառնային աշխարհի թիւ մէկ առողջ երկիրը: Սակայն աշխարհի թիւ մէկ առողջ երկիրը չենք: Ասիկա կը նշանակէ, թէ առողջութիւնը բան մը չէ, որ կարելի է գնել, ինչպէս` ինքնաշարժներ եւ թիթեղներով վառելանիւթ:

Վստահաբար ճիշդ է այս մէկը: Թէեւ ընդհանուր լայն կապակցութիւններ գոյութիւն ունին տնտեսական կենսամակարդակի եւ առողջութեան մակարդակի միջեւ, սակայն յայտնապէս հարստութիւնը չէ, որ առողջութիւն կ՛ապահովէ: Իրօք, մեծահարուստ անձեր մահացած են բաւական երիտասարդ տարիքին: Օրինակ` Քրիսթինա Օնասիս, որ հռչակաւոր էր իբրեւ աշխարհի ամէնէն հարուստ կինը, մեռած է 37 տարեկանին: Ի տարբերութիւն` աղքատ անձեր ապրած են մինչեւ խոր ծերութիւն: Օրինակ` մայր Թերեզա, որ երիտասարդ տարիքին ուխտած է ապրիլ աղքատ կեանք մը, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին նոյնիսկ մէկ տոլար չէ ունեցած եւ ապրած է մինչեւ 87 տարեկան:

Մեզմէ ոմանց համար սկիզբը նախատինքի պէս բան մըն էր լսել, թէ կան բաներ, զորս չենք կրնար գնել: Սակայն, եթէ պահ մը մտածենք, պիտի տեսնենք, թէ ճի՛շդ այս է պարագան: Ամէնէն ակներեւ օրինակը ժամանակն է: Աշխարհի վրայ նոյնիսկ ամէնէն հարուստ մարդը չի կրնար գնել յաւելեալ տարի մը, ժամ մը կամ երկվայրկեան մը: Վստահաբար հարուստ անձ մը առաւելութիւնը ունի ստանալու լաւագոյն բժշկական խնամքը եւ հաւանաբար առաջին կարգի վրայ կը գտնուի, երբ կարիքը ունենայ մարմնի գործարանի մը պատուաստումին: Սակայն  դարձեալ առողջութիւնը պարզապէս գնելու կարողութեան հարց չէ: Հարուստ, աղքատ կամ այս երկուքին միջեւ ոեւէ անձ պիտի հասնի նոյն վախճանին, որուն դէմ կարելի չէ պաշտպանուիլ շահարկումներով հարուստ կեանքով մը:

Կը Ձգտինք Հակակշռել Ճակատագիրը

Մրցակցութեան մեր ախորժակին եւ առաջնակարգ թիւ մէկը դառնալու մեր փափաքին ետին կը սողոսկի աւելի խոր ցանկութիւն մը. իրերու վրայ հակակշռութիւն ունենալու բնազդային մղումը: Իսկ ամէն բանէ աւելի` մենք կը ձգտինք հակակշռել մեր ճակատագիրը, ապահով զգալ այն գիտակցութեամբ, թէ բոլորս կը ստանանք այն, որուն արժանի ենք: Ժիր աշխատէ շուկային մէջ, փոխարէնը կը ստանաս լաւ վարձատրութեամբ պաշտօն եւ հանգստեան պատկառելի թոշակ: Օգտակար ուտելիքներ սպառէ, մարզանք ըրէ, խուսափէ յոռի սովորութիւններէ, ինչպէս` ծխել եւ ոգելից ըմպելիներու չափազանցութիւն, եւ կ՛ապրիս երկար, առողջ կեանք: Խնդրե՛մ, բժիշկ, ըսէ ինծի, ինչպէ՞ս կարելի է նուաճել առաջին դիրքը: Մենք` ամերիկացիներս, պատրաստ ենք ընդունելու մարտահրաւէրը:

Այսուհանդերձ, հարցը այն է, թէ առողջապահական վիճակագրութիւնները յաճախ կը մթագնեն այն լեռը, զոր իրապէս կը փորձենք բարձրանալ: Ճիշդ է, որ Միացեալ Նահանգներ ետ կը մնան շատ մեծ թիւով այլ երկիրներէ: Ճիշդ է, որ եթէ կարենանք նուազեցնել ծխելու եւ սոնքութեան (օպիսիթի) համեմատութիւնները, հաւանաբար կրնանք բարձրացնել մեր դիրքը միջազգային ցուցակներու մէջ: Սակայն աւելի լրջախոհ վերլուծում մը ի յայտ կը բերէ, թէ կեանքի միջին տեւողութիւնը առողջութեան աննշան ցուցանիշ մըն է: Անիկա կը ներգրաւէ մեզ, որովհետեւ չափելու ուղղակի ձեւ մըն է եւ համեմատաբար կը դիւրացնէ մեր վիճակին մասին պատկերացում մը կազմելը: Սակայն անձի մը կեանքի միջին տեւողութենէն կարելի չէ դատել, թէ իրականութեան մէջ որքա՛ն լաւ կ՛ապրի ան:

Պահ մը երեւակայեցէք, թէ յանկարծ կենսաբժշկագիտութեան մէկ հրաշքով պիտի կարենանք կրկնապատկել կեանքի միջին տեւողութիւնը, պայմանաւ որ օրական 20 ժամ անկողինէն դուրս չգանք, հրաժարինք բոլոր տեսակի ոչ հեղուկ ուտելիքներէն կամ այլեւս ոչ մէկ գիրք կարդանք: Պիտի դիմէի՞նք նման քայլերու: Երբ կ՛ըսենք, թէ պատրաստ ենք որեւէ գին վճարելու` երկարելու համար մեր կեանքը, կը նշանակէ, թէ կը մոռնաք` ի՛նչ կը նշանակէ ապրիլ: Ճոնաթան Սուիֆթի «Կալիւըր՛զ թրեւըլզ» վէպին անմահ արարածները նաեւ թշուառ էակներ են, որոնց անվերջ կեանքը ոչ թէ օրհնութիւն է, այլ` անէծք:

Ինչո՞վ Չափել Կեանքը

Նախքան աւելորդ մելան հոսեցնելը կեանքի միջին տեւողութեան մրցումին մէջ Միացեալ Նահանգներու նահանջող մակարդակին մասին` պէտք է քիչ մը աւելի ժամանակ տրամադրենք խորհրդածելու եւ զրուցելու այն մասին, թէ ի՛նչ բաներէ կը բաղկանայ լաւ կեանքը: Թէեւ Վոլֆկանկ Մոցարթ եւ Մարթին Լուտըր Քինկ մեռած են 40 տարեկանէն առաջ, սակայն յաջողած են ապրիլ արտասովոր մակարդակի արդիւնաւէտ եւ հիանալի կեանքեր, որոնք հարստացուցած են մարդկութիւնը: Ի տարբերութիւն` մեզմէ շատեր թերեւս կ՛անդրադառնան մինչեւ 90 տարեկան եւ նոյնիսկ 100 տարեկան ապրելու իրենց տենչին, սակայն շատ աննշան ներդրում մը կ՛ունենան կեանքի մէջ: Այս չափանիշով` մեր ամէնէն կատաղի մրցակիցը մենք ենք:

Կեանք մը չափելու բուն ձեւը ո՛չ թէ անոր տեւողութիւնը չափելն է, այլ այն, ինչ որ կ՛ընենք իւրաքանչիւր օր: Իւրաքանչիւր օրուան մէջ ունինք նոյնքան թիւով վայրկեաններ, որքան որ ունին աշխարհի տարածքին Կէյթի եւ Պաֆեթի նման մեծահարուստները: Որքա՞ն արդիւնաւէտ ձեւով կը գործածենք այս ժամանակը: Կը կարծեմ, թէ իրապէս լեցուն կեանք մը ապրելու լաւագոյն ձեւը ո՛չ թէ իւրաքանչիւր նեարդ պրկելն է` մեր սիրտը աշխատցնելու համար մինչեւ վերջին կարելի վայրկեանը, այլ փոխարէնը մենք մեզ եւ ուրիշները կեանքի կոչելը` ամբողջութեամբ, որքան որ կարելի է: Չեմ զարմանար, եթէ օր մը անդրադառնամ, թէ խոր մակարդակի մը վրայ ապրիլը սննդականոնէն եւ մարզանքէն շատ աւելի ազդու միջոց մըն է` մարդը կենդանի պահելու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )