Արտաւազդ Արք. Թրթռեան` Տիպար Հոգեւորականը

Սոյն գրութիւնը խտացումն է հոգելոյս Արտաւազդ արք. Թրթռեանի վերջին օծման ու թաղման Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսած դամբանականին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, շաբաթ, 20 յուլիս 2013-ին:

Սրբազան առաքեալը խօսելով քրիստոնեայ մարդու ապրելիք կեանքին մասին, իր կեանքին օրինակով զայն կը բնորոշէ իբրեւ հաւատքի՛ պատերազմ` ի խնդիր երկնային ճշմարտութիւններու ու արժէքներու կենսագործման, այլ խօսքով` աստուածային թագաւորութեան հաստատման: Ա՛յս գիտակցութեամբ կոչուած է իր կեանքը ապրելու Քրիստոսին հետեւելու որոշումը առած քրիստոնեան: Ա՛յս յանձնառութեամբ կոչուած է իր կեանքը ապրելու մա՛նաւանդ Քրիստոսը իբրեւ «կեանք, ճանապարհ ու ճշմարտութիւն» քարոզելու ուխտը կատարած հոգեւորականը:

Այսպէ՛ս ապրեցան  դարե՜ր շարունակ Սուրբ Աւետարանը կեանքի ու հաւատքի պայքարի վերածած ու քարոզած մեր հոգեւորականները, որոնք իրենց հոգիի ճենճերումներով, միտքի թռիչքներով, կենդանի թէ արեան վկայութեամբ  ու մանաւանդ իրենց կեանքին կենդանի օրինակով դարձան ճառագայթող ներկայութիւն մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

Հոգեւորականներու այս փաղանգին կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբան` Արտաւազդ արք. Թրթռեան: Արդարեւ, եզակի արժանիքներով օժտուած անձ մը եղաւ սրբազանը իբրեւ մարդ, իբրեւ հոգեւորական ու մտաւորական:

Ա) Իր ծնունդէն մինչեւ երկրաւոր կեանքէն հեռացումը, Արտաւազդ սրբազանը եղաւ համեստութեան ու պարզութեան մարմնացում: Սովորական բառեր չեն ասոնք Աստուծոյ այս ծառային անձը, նկարագիրն ու հոգեւոր սպասաւորութիւնը բնութագրող: Իր կեանքին ու ծառայութեան բոլոր տարածքներով, բոլոր արտայայտութիւններով, իր ամբո՛ղջ կեանքով սրբազանը եղաւ ու մնաց պարզ, համեստ, խոնարհ` ո՛չ միայն հեռու մնալով ամէն տեսակ  լուսարձակներէ ու ցուցական երեւոյթներէ, այլ նոյնի՛սկ հոգեւորականի հանգամանքին պարտադրած արտաքին ձեւերէն: Սարկաւագութենէն մինչեւ արքեպիսկոպոսութիւն, սրբազանը եղաւ պարզ իր յարաբերութիւններուն մէջ, անկեղծ` իր տեսակէտներուն մէջ, ժուժկալ` իր կենցաղակերպին մէջ, խոնարհ` իր ծառայութեան մէջ:

Բ) Մտաւորականը Արտաւազդ սրբազանին մէջ մնաց տիրական ներկայութիւն: Ճի՛շդ է, շատ յօդուածներ չստորագրեց, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ չդարձաւ, պարզապէս չուզե՛ց: Սակայն, ան եղաւ մտաւորական` մինչեւ իր կեանքին վերջին վայրկեանը մնալով ուսանող, եղաւ մտաւորական` իր կեանքին բոլոր պայմաններուն մէջ մնալով յամառ ընթերցող, եղաւ մտաւորական` իր հոգեւորական կեանքի բոլոր հանգամանքներուն մէջ մնալով ուսուցիչ` դասարանին մէջ թէ դասարանէն դուրս, եղաւ մտաւորական իր ունեցած լայն ծանօթութեամբ ու խոր մտածողութեամբ, հարցերը ճիշդ ըմբռնելու, զանոնք տրամաբանական կերպով վերլուծելու ու դասաւորուած կերպով ներկայացնելու իր հմտութեամբ:

Գ) Հանգուցեալ սրբազանը եղաւ բառին հարազատ իմաստով` հոգեւորական: Հոգեւորականը իրեն համար սոսկ զգեստ ու հանգամանք չեղաւ երբեք, այլ` կեանքի այնպիսի որակ, մտածելու ու գործելու այնպիսի ոճ, ուր Աստուծոյ ծառան ու Քրիստոսի դեսպանը մնաց առանցքային ներկայութիւն: Ճի՛շդ է, ան շատ առիթ չունեցաւ իր հոգեւորականի կոչումը ժողովրդային ծառայութեամբ արտայայտելու, սակայն, իր երկար տարիներու ուսուցչութեան, յատկապէս դպրեվանքին մէջ, կրտսեր միաբաններուն կատարած իր հայրական թելադրութիւններուն ու կաթողիկոսարանին մէջ իր վարած զանազան պաշտօններուն ճամբով Արտաւազդ սրբազանը հոգեւորականի կեանքը ապրեցաւ վաւերականօրէն ու կոչումը իրագործեց գերազանցօրէն:

Դ) Վերջապէս, Արտաւազդ սրբազանը եղաւ ու մնաց հաւատարիմ միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Իր վարդապետութեան օրերուն, երբ փոթորիկներ յառաջացան հայրապետական այս Ս. աթոռին շուրջ, Արտաւազդ վարդապետը եղաւ այն խումբ մը նուիրեալ ու հաւատաւոր միաբաններէն մէկը, որ իր օծակից եղբօր, Գարեգին վարդապետին հետ միասին, Զարեհ վեհափառի կողքին, կառչած մնաց այս Ս. աթոռին սկզբունքներուն:  Սրբազանը միշտ մնաց նախանձախնդիր ու պարտաճանաչ միաբան մինչեւ իր կեանքին վախճանը` այս Ս. աթոռին կարգ ու կանոնին նոյնիսկ ամէնէն փոքր համարուող աւանդութիւններուն նկատմամբ:

Հանգուցեալ սրբազանը կը սիրէր լռութիւնը, երբեմն իր տեսակէտը, մտահոգութիւնը կամ ցասումը կը յայտնէր իր լռութեամբ: Սակայն, անհրաժեշտութեան պարագային, ան քաջ էր ու յստակ իր կեցուածքներուն մէջ:

Արտաւազդ սրբազանը յատուկ կապուածութիւն ունէր Պիքֆայայի վանքին նկատմամբ` զայն նկատելով աղմուկէ հեռու վանական հարազատ մթնոլորտ: Եւ այսպէս, սրբազանը այս աշխարհէն հեռացաւ իր այնքա՜ն սիրած Պիքֆայայի վանքին լռութեան մէջ` ուրախութեամբ դիտելով իրեն համար սիրելի երազ դարձած միաբանական նոր շէնքի շինութիւնը եւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան յուշարձանի շրջափակին բարեզարդումը:

Իր համեստութեամբ, պարկեշտութեամբ, ծառայասիրութեամբ, ժուժկալութեամբ, հաւատարմութեամբ ու հոգեմտաւոր հարստութեամբ Արտաւազդ սրբազանը պիտի մնայ ճշմարիտ հոգեւորականի տիպար մեր միաբանութեան կեանքին մէջ:

Յարգա՜նք իր ծառայական վաստակին:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿՈՅ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )