Միջազգային Կարճ Լուրեր

«ԷՍՈՇԻԷՅԹԸՏ ՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Տիթրոյիթի քաղաքային իշխանութիւնները սնանկացման յայտ ներկայացուցած են: Ասիկա Միացեալ Նահանգներու մէջ վարչական միաւորման սնանկացման մեծագոյն դէպքն է: Քաղաքի պարտքը կրնայ հասնիլ 18.5 միլիառ տոլարի: Քաղաքային պիւտճէի բացը 380 միլիոն տոլար է: Սնանկացման հոլովոյթի սկսելու մասին դիմումը ներկայացուած է Սնանկացման հարցերով Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային յատուկ դատարան, որուն կողմէ քաղաքի սնանկացումին ճանչցուելուն պարագային քաղաքի գոյքը աճուրդի պիտի հանուի` պարտքերը վճարելու համար: Երկրի նախագահական աշխատակազմէն յայտնած են, որ ուշադիր կը հետեւին Տիթրոյիթի իրադարձութիւններուն: Նշենք, որ Տիթրոյիթը ամերիկեան ինքնաշարժներու արդիւնաբերութեան կեդրոնը կը նկատուի: Այդտեղ կը գտնուին «Ճեներըլ Մոթորզ», «Ֆորտ» եւ «Քրայզլըր» ընկերութիւնները:

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ Շիքակօ քաղաքի իշխանութիւնները պիւտճէական բացի դէմ պայքարի նպատակով մտադիր են աշխատանքէ հեռացնել 2100 ուսուցիչ եւ դպրոցի այլ աշխատողներ: ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կ՛ընդգծէ, որ յունիս ամիսէն ի վեր Շիքակոյի մէջ աշխատանքէն հեռացուած է 850 մարդ, իսկ մինչեւ յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը 50 դպրոցներ պիտի փակուին:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը գրէ, որ Իրանի իշխանութիւնները արդէն վեց ամիսէ ի վեր Համաշխարհային դրամատան ունեցած իր պարտքը չեն մարեր: Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչները Ուաշինկթընի մէջ նշած են, որ 30 յունիսի դրութեամբ, Համաշխարհային դրամատան Թեհրանի ունեցած պարտքը կը կազմէ 697 միլիոն տոլար, ինչպէս նաեւ յաւելեալ 79 միլիոն տոլար` վճարումներու ուշացման համար: Այդ պատճառով դրամատունը Իրանը ներառած է պարտազանցներու ցուցակին վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ դրամատունը Թեհրանին վարկ պիտի չտրամադրէ, մինչեւ որ երկրի վիճայարոյց հիւլէական ծրագիրի հարցը լուծուի:

«ՎՐԵՄԻԱ» կը հաղորդէ, որ Ռիօ տէ Ժանէյրոյի զինուորական շրջանի հրամանատարութեան անդամ զօր. Ժոզէ Ապրէու յայտնած է, թէ շուրջ 14,300 զինուորներ պիտի ապահովեն Ֆրանչիսկոս պապի անվտանգութիւնը` յաջորդ շաբաթ Պրազիլ իր կատարելիք այցելութեան ընթացքին: Ծովուժի նաւերը հերթապահութիւն պիտի ընեն Քոփաքապանայի ափերուն մօտ, ուր պապը կրօնական արարողութեան պիտի մասնակցի, իսկ օդուժի ուղղաթիռները պիտի հսկեն Վատիկանի ղեկավարին շարժումներուն: Զինուորները պիտի շրջափակեն նաեւ Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ գտնուող հսկայական հրապարակը, ուր պապին կատարելիք արարողութեան ներկայ գտնուելու համար կը նախատեսուի, որ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ հաւաքուի: Բացի ատկէ, անոր անվտանգութիւնը ապահովելու հարցին մասնակից պիտի դառնան աւելի քան վեց հազար ոստիկան եւ պրազիլական գաղտնի սպասարկութեան աշխատակից: Հռոմի պապը Պրազիլ պիտի այցելէ 22-28 յուլիսին:

ՍՊԱՆԻԱ Պոլիվիայէն պաշտօնապէս ներում հայցեց այդ երկրին նախագահ Էւօ Մորալեսի օդանաւին որոշ ժամանակ իր հողերուն վերեւ թռիչք կատարելը արգիլելուն համար: Սպանիա այդ քայլին դիմած էր մեկնելով այն կասկածէն, թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին խորհրդական Էտուըրտ Սնոուտըն այդ օդանաւին մէջ կը գտնուի: Լափազի մէջ Սպանիոյ դեսպան Միկել Անխել Վասքեզ յայտնեց, որ «Սպանիա խորապէս կը ցաւի այդ հարցին յառաջացուցած զգացումներուն համար. մենք ներում կը հայցենք»:

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ դատական հաշուետուութեան կանչելու ելեւմուտքի նախկին նախարար Ճէորճիոս Փափաքոնսթանթինոն` Ժընեւի մէջ «Էյչ.Էս.Պի.Սի.» դրամատան մէկ մասնաճիւղին մէջ իր հաշիւներուն մէջ աւելի քան երկու հազար յոյնի անուններ ունեցող ցանկ խարդախելուն համար: Յունական «Իքաթիմերինի» օրաթերթը հաղորդեց, որ խորհրդարանի 283 երեսփոխաններէն 220-ը քուէարկած են զինք առնուազն մէկ ամբաստանութեամբ դատելու օգտին, իսկ 166-ը` երեք ամբաստանութիւններով, որոնք են` վստահութեան չարաշահում, պաշտօնական փաստաթուղթ խարդախել եւ պարտաւորութեան կատարման մէջ թերացում:

ՊՈՍԹՈՆԻ ականահարումներուն հարցով ամբաստանեալ Ժուահար Ցառնայեւ պահանջած է իր պաշտպան փաստաբաններու խմբակը ամրապնդել ահաբեկչութեան հարցով մահապատիժներու մասնագէտի մը խմբակին միացման ճամբով: Ցառնայեւի փաստաբան Ճուտի Քլարք պահանջած է, որ Տէյվիտ Պրուք միանայ իրենց խմբակին, որովհետեւ «այս թղթածրարին արտակարգ բնոյթը մահապատիժներու մասնագէտ մէկ այլ փաստաբանի ներկայութիւնը կենսական հարցի կը վերածէ»` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ հարցը մահապատիժի չվերաբերէր, Ցառնայեւի պաշտպան փաստաբաններուն գործը «ահաւոր» պիտի մնար: Ան նշեց, որ Պրուք մահապատիժի հարցերուն մէջ 33 տարուան փորձառութիւն ունի եւ ան Միացեալ Նահանգներու մէջ այս մարզին մէջ ամէնէն յարգուած փաստաբաններէն մէկն է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )