Իրանի Նախագահի Երդման Արարողութեան Հրաւիրուած Են Բոլոր Երկիրներուն Նախագահները

Հասան Ռուհանի

ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Արաքճի յայտարարած է, որ բոլոր երկիրներուն նախագահները հրաւիրուած են մասնակցելու Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման արարողութեան:

Ան նշած է, որ հրաւիրուած են նաեւ եւրոպական երկիրներուն եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները:

Կարգ մը երկիրներու նախագահները արդէն ընդունած են հրաւէրը եւ պիտի մասնակցին երդման արարողութեան:

Նախապէս Իրանի խորհրդարանի մամլոյ ծառայութեան ղեկավարը յայտարարած էր, որ բացի Իսրայէլէն, բոլոր երկիրներուն ղեկավարները կրնան ներկայ գտնուիլ արարողութեան:

Հասան Ռուհանիի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 օգոստոսին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )