Պըրրի-Ապատի Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապատի Պըրրիի յանձնեց Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի կողմէ յղուած շնորհաւորական նամակ մը` 2006-ի յուլիսեան պատերազմին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին առիթով:
Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհակալական նամակ մը ստացաւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի կողմէ:
Մինչ այդ, Պըրրի շաբաթավերջին իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին զարմանք յայտնեց լիբանանեան բանակին դէմ մղուող արշաւներուն առնչութեամբ` աւելցնելով նաեւ, որ խորհրդարանին դէմ մղուած պայքարը ինքնին կասկածելի պայքար մըն է:
Պըրրի դրուատեց բանակն ու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընը` մերժելով Ղոսընի եւ բանակի սպաներուն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները: