Վարչապետ Սալամ Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Ճակատագիրին Հետ Խաղալու Քայլերուն Վերջ Տալու

Իֆթարի երեկոյէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին հովանաւորեց Մաքասետ միութեան կազմակերպած իֆթարը, որ տեղի ունեցաւ «Պիել»-ի մէջ:

Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան եւ Միջին Արեւելքը այս հանգրուանին կը դիմագրաւեն ապահովական ապակայուն իրավիճակ մը, որուն դիմաց պէտք է տոկալ եւ կառչած մնալ Լիբանանի շահերուն:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ ազգային շահերու կառավարութիւն մը կազմելու սկզբունքին` աւելցնելով, որ ինք նոյն պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէ եւ տակաւին կառչած կը մնայ իր կեցուածքներուն ու անշեղ կը մնայ իր համոզումներէն:

Սալամ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն վերջ տալու կասկածամտութեան, անվստահութեան եւ Լիբանանի ճակատագիրին հետ խաղալու քայլերուն:

«Թող բոլոր ուժերը վերադառնան իրենց ազգային խղճին, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել այս հանգրուանին Լիբանանի դէմ սպառնացող մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ամրապնդել երկրին ապահովական կայունութիւնը», շեշտեց վարչապետ Սալամ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )