Զօր. Աուն. «Սէյիտ Նասրալլայի Հետ Հանդիպեցայ»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին յայտնեց, որ ինք քանի մը օր առաջ հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ` առանց նշելու հանդիպումին ժամանակն ու վայրը եւ քննարկուած հարցերուն մանրամասնութիւնները:

Այս մասին զօր. Աուն բաւարարուեցաւ ըսելով, որ իրենք քննարկած են ընդհանուր հարցեր` աւելցնելով, որ նախապէս իրենք տարակարծութիւններ չեն ունեցած, այլ պարզապէս եղած են կարգ մը ներքին քաղաքական հարցեր, որոնք իրենց չեն վերաբերած եւ արդէն իսկ վերջ գտած են:

Պատասխանելով Քուսէյրի դէպքերուն Հըզպալլայի միջամտութեան մասին հարցումի մը`  զօր. Աուն յայտնեց, որ այդ միջամտութիւնը կարեւոր էր քաղաքացիական պատերազմի չհասնելու իմաստով:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ բաւական վտանգաւոր հանգրուան մը, յատկապէս Ռամատանի ամիսը աւարտելէ ետք: Ան աւելցուց, որ ինք կը փափաքի կառավարութեան մը կազմութիւնը եւ հարց տուաւ, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ ի՞նչ իրաւունքով կը յայտարարէ, թէ ինք այս կամ այն պահանջը չէ ներկայացուցած:

«Եթէ ներկայ իրավիճակը իր բնականոն ընթացքով պիտի շարունակուի, ապա վարչապետ Սալամ թող հրաժարի Լիբանանի կառավարութիւնը կազմելէ», ընդգծեց զօր. Աուն` մերժելով կատարուած իրողութեան կառավարութեան կազմութիւնը:

«Անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ պէտք է սկսիլ երկկողմանի հանդիպումներով եւ երկխօսութիւններով ու զանոնք աստիճանաբար ընդարձակել` գոյացնելու համար ընդարձակ համախոհութիւն», եզրափակեց զօր. Աուն:

Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զօր. Աունի եւ սէյիտ Նասրալլայի միջեւ հանդիպումը կատարուած է անցեալ երկուշաբթի երեկոյեան եւ տեւած է չորս ժամ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )